Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժի Սահմանափակումները Անընդունելի են. ՄԱԿ-ի Մէջ Ֆրանսայի Ներկայացուցիչ
ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշեցուց ու ընդգծեց Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ազրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնը՝ երաշխաւորել քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչը այս մասին շեշտեց ՄԱԿ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին կը քննարկուէր Լաչինի միջանցքին վրայ ստեղծուած իրավիճակը:
«Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները շատ մտահոգած են մեզ: Կ՝ուզեմ ընդգծել երկու հանգամանք: Նախ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի միջանցքի ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են: Լաչինի միջանցքի արգելափակման ուղիղ հետեւանքն է ԼՂ բնակչութեան մեկուսացումը, մարդասիրական հետեւանքները օրէ օր կը վատթարանան»,- ըսաւ ներկայացուցիչը:
Ան ընդգծեց՝ Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ անվերապահօրէն վերսկսելու ապրանքներու եւ պարագաներու տեղաշարժը միջանցքով՝ միաժամանակ լիովին ապահովելով ազգաբնակչութեան իրաւունքները: Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ ի կատար ածելու 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած յանձնառութիւնները: Ֆրանսան նաեւ կ՝ընդգծէ, որ ազրպէյճանի հանրապետութեան յանձնառութեան համաձայն՝ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժին անվտանգութիւնը՝ Լաչինի միջանցքի երկայնքով երկու ուղութիւններով: Ֆրանսան նաեւ կոչ կ՝ընէ անմիջապէս հասանելիութիւն ապահովելու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն՝ հետեւանքները կրող բնակչութեան հետ աշխատելու համար: Ֆրանսան կ՝արձանագրէ, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի առաջին անցումները կազմակերպուած են:
«Ֆրանսան կոչ կ՝ընէ երկու կողմերուն ստեղծելու միջավայր, որ նպաստաւոր ըլլայ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթացի համար: Անիկա պէտք է ըլլայ միայն երկխօսութեամբ, եւ ոչ ուժի գործադրումով: Եւ պէտք է լուծուին բոլոր առկայ խնդիրները, երաշխաւորուին իրաւունքները եւ երաշխիքները ԼՂ բնակչութեան համար»,- աւելցուց ներկայացուցիչը:
ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ ԵՄ-ին զուգահեռ Ֆրանսան պիտի շարունակէ սատարել երկխօսութեան ջանքերուն՝ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ:
«Մենք կը սատարենք բոլոր քննարկուող թեմաներուն ուղղութեամբ յառաջընթացին՝ յատկապէս խաղաղութեան համաձայնագրին ուղղութեամբ, սահմանագծման, սահմանազատման ուղղութեամբ եւ հաղորդակցութեան ուղիները բանալու եւ տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ»,- ըսաւ ան:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ այս տարի Փրակայի մէջ իրականացած հանդիպումը, որուն մասնակցած են Հայաստանի վարչապետը, ազրպէյճանի նախագահը, Ֆրանսայի նախագահը, ԵԽ նախագահը, թոյլ կու տայ լուրջ յառաջընթացի հասնելու: Ֆրանսան պատրաստ է բոլոր կողմերուն հետ աշխատելու՝ օգնելու հասնելու այս նպատակներուն բոլոր գործընկերներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն հետ միասին:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ ներկայացուցած են յայտարարութեան նախագիծ, որ մինչեւ առաւօտ բաց է քննարկումներու համար։
