ՀԺՄ-ն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ընդդիմախօս Լրագրողներու Հանդէպ Քաղաքական Բնոյթի Քրէական Հետապնդումներու Նոր Ալիք Սկսելուն Առնչութեամբ

Հայաստան

Արդէն 9-րդ օրն է՝ ազրպէյճանցի բնաբահպան-սադրիչները փակ կը պահեն Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը, որուն հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած է մարդկայնական եւ անվտանգային ճգնաժամ: Իսկ ՀՀ իրաւապահ մարմինները, այդ ընթացքին, առանց յապաղելու կ՝արձագանգեն Facebook-ի էջերու գրառումներուն եւ քրէական հետապնդումներ կ՝իրականացնեն ընդդիմախօսներու հանդէպ։

Օրեր առաջ տեղեկացանք, որ Oragir.news լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Էմին-Տէրեանի հանդէպ մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 329-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտով նախատեսուած արարքին համար, այն է՝ «Անձի կամ անձանց խումբի նկատմամբ ռասայական, ազգային, էթնիկ կամ սոցիալական ծագումով, կրօնով, քաղաքական կամ այլ հայացքներով կամ անձնական կամ սոցիալական բնոյթի այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած ատելութիւն, խտրականութիւն, անհանդուրժողականութիւն կամ թշնամանք հրահրելուն կամ քարոզելուն ուղղուած հրապարակային խօսքը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով նիւթ կամ առարկայ տարածելը հաղորդակցական ճարտարագիտութիւններու օգտագործմամբ»։

Քրէական գործ յարուցելու եւ մեղադրանք առաջադրելու համար հիմք հանդիսացած է լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիրին Facebook-ի մէջ ըրած գրառումը՝  «Ի նշան բողոքի՝ պէտք է հրապարակի տօնածառը վառել»։

Ի հարկէ, առնուազն պէտք է վառ երեւակայութիւն ունենալ, որպէսզի կարենալ Գէորգ Էմին-Տէրեանի գրառումը յարմարցնել անոր առաջադրած քրէական  օրէնսգրքի վերը նշուած յօդուածի տրամաբանութեան: Կասկածէ վեր է, որ «տօնածառ»-ը ոչ անձ է, ոչ անձերու խումբ եւ ոչ ալ ռասայական, ազգային, ցեղական կամ հասարակական ծագում ունեցող:

Սակայն առաւել մտահոգող ու անհանգստացնող է իրաւապահ մարմիններու երկակի չափանիշներով գործելաոճը: Հասարակական ցանցերու մէջ արդէն առնուազն 4 տարի հրապարակուող գրառումներէն ընտրել են այս մէկը եւ առանց իրավիճակը պարզելու, առանց նյութերը ուսումնասիրելու՝ անմիջապէս դիմած են յստակ գործողութիւններու:

Գէորգ Էմին-Տէրեանի ետեւէն իրաւապահները գացած են անոր բնակարան, երբ ան տունը չէ եղած, եւ ասիկա այն պարագային, երբ Էմին-Տէրեանը հրապարակային անձնաւորութիւն է, ու անոր դժուար չէր մեկ զանգով կամ հաղորդագրութեամբ հրաւիրել ոստիկանութեան համապատասխան բաժին: Փոխարէնը՝ գերադասած են անհանգստութիւն պատճառել խմբագիրին, յետոյ նաեւ ընտանիքի անդամներուն՝ յընթացս վախի մթնոլորտ ստեղծելով:

Գէորգ Էմին-Տէրեանին ոստիկանութեան բաժնի մէջ նաեւ յիշեցուցած են, որ ան 10, 000 հետեւորդ ունի՝ հաւանաբար այդպիսով փորձելով տպաւորութիւն ստեղծել, թէ այդ 10,000 անձերը անյապաղ պիտի նետուէին Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառը վառելու:

Բայց այդ նոյն իրաւապահները, չես գիտեր ինչու, նոյն փութաջանութեամբ չէին գործեր, երբ 2020թ. Նոյեմբեր 10-ին 1 միլիոն Facebook-ի հետեւորդ ունեցող Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքացիներուն կոչ կ՝ընէր պատրաստուելու վրէժի, «որովհետեւ մեր զինուորներուն վրէժը մենք անոնցմէ պէտք է հանենք: Մեր կորսուած հայրենիքի վրէժը մենք անոնցմէ պէտք է հանենք»: Կամ, երբ նոյն թուականի Նոյեմբեր 16-ին առաջնագիծի զինուորներուն կը սպասէր Երեւանի մէջ՝ «վերջնականօրէն լուծելու պատերու տակ վնգստացողներուն հարցերը»:

Արդեօ՞ք այս դրուագները քաղաքացիական պատերազմի կոչ չէին: Բայց, հասկնալի պատճառներով, անոր այդ գրառումն ու Facebook-եան ուղիղ եթերը չարժանացան իրաւապահներու ուշադրութեան, քրէական գործեր չյարուցուեցան, Նիկոլ Փաշինեանի ՍԷԿՏ-ն ալ չփակեցին, ինչպէս ըրած են հիմա՝ Oragir.news լրատուական կայքի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Էմին-Տէրեանի պարագային:

Հայաստանի ժուռնալիստներու միութիւնը իր խոր մտահոգութիւնն ու վրդովմունքը կ՝արտայայտէ մեր ժողովուրդին համար այս ողբերգական օրերուն ընդդիմախօս լրագրողներու, լրատուամիջոցներու հանդէպ քաղաքական բնոյթի քրէական հետապնդումներու նոր ալիք սկսելուն առնչութեամբ եւ իշխանութիւններուն ու, մասնաւորապէս, իրաւապահ մարմիններուն կ՝ուզէ յիշեցնել, որ երէկ Արցախի մէջ մարդ մահացած է, որովհետեւ անոր չեն կրցած Երեւան տեղափոխել Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն պատճառով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՒՌՆԱԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ