Արցախի ԱԳՆ-ն Ապաշրջափակման Համար Համարժէք Գործիքակազմ Կիրառելու Խնդրանքով Կրկին Դիմած է Միջազգային Հանրութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին դիմած է միջազգային հանրութեան՝ Արցախի ապաշրջափակման համար համարժէք գործիքակազմ կիրառելու խնդրանքով։

Արտաքին գերատեսչութեան տարածած յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի.

«Դեկտեմբեր 12-էն ազրպէյճանը փակած է Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհը՝ ապօրինաբար շրջափակելով Արցախը եւ արհեստականօրէն ստեղծելով մարդկայնական ծանր պայմաններ Արցախի 120 հազարանոց բնակչութեան համար։

Շրջափակման պատճառով կը խախտուին Արցախի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքները։ Մարդիկ զրկուած են ազատ տեղաշարժի, պատշաճ բուժօգնութիւն ստանալու իրաւունքէն եւ կենսական նշանակութեան ապրանքներու մատակարարումէն։

Ստեղծուած իրավիճակը ազրպէյճանի կողմէ տարիներ շարունակ վարուող հայատեաց քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է։

Արցախի արտաքին գերատեսչութիւնը շրջափակման օրէն առ այսօր բազմաթիւ նամակ-դիմումներ յղած է տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ հաւաստի տեղեկատւութիւն տրամադրելով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ հայցելով համապատասխան աջակցութիւն՝ Արցախի ապաշրջափակման համար։

ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ անվերապահօրէն պէտք է արժանանայ կոշտ արձագանգի»: