Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը Լաչինի Միջանցքի Շրջափակման եւ Արցախի Կազամատակարարման Խափանման Գծով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCC) հրապարակած է յայտարարութիւն՝ կապուած Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Արցախի Հանրապետութիւն կազամատակարարման խափանման հետ։

Յայտարութիւնը կ՚ըսէ. «Դեկտեմբերի 12-ի առաւօտեան, ազրպէյճանցիներու խումբ մը, իրենք զիրենք ներկայացնելով որպէս մտահոգ «բնապահպաններ», փակած են Լաչինի միջանցքը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը (Լեռնային Ղարաբաղը) Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։ Ճանապարհը փակ մնացած է բոլոր երթեւեկութեան համար՝ կտրելով Արցախը բոլոր անհրաժեշտ պաշարներէն՝ փաստացիօրէն լիակատար շրջափակման մէջ պահելով աւելի քան 120,000 արցախցի բնակիչ եւ զանոնք կանգնեցնելով մեծ աղէտի եզրին։

Թէեւ «ցուցարարները» կը պնդեն, որ իրենք բնապահպաններ են, սակայն ակնյայտ է, որ անոնց կ՚աջակցի Պաքուի ռեժիմը,որովհետեւ անոնցմէ մեկը հաստատած է, որ իրենց կը մատակարարէ Ազրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը. Աւելի ուշ անոնց միացած են ատրպէյճանցի համազգեստաւոր զինուորականներ.

Բացի այդ, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հաստատած էր, որ Ազրպէյճանը այժմ դադրեցուցած է նաև կազամատակարարումը, ճիշդ այն ժամանակ, երբ ջերմաստիճանը ցրտահարութեան մակարդակի վրայ հասած է։

Հայաստանի և Արցախի իշխանութիւնները դիմած են միջազգային հանրութեան անյապաղ միջամտելու եւ Ատրպէյճանի բռնապետութեան կոչ ուղղել դադրեցնելու իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւնները։ Արցախի Հանրապետութեան պետնախարարը նախազգուշացած է Արցախի մէջ ցեղասպանութին իրականացնելու Ազրպէյճանի կառավարութեան ակնյայտ մտայնութեան մասին։

Ազրպէյճանական վարչակարգի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը լիովին դրսեւորուած է վերջին 36 ժամուան ընթացքին՝ ցոյց տալով վարչակարգի իսկական մտադրութիւնները Արցախի մէջ ապրող հայերու նկատմամբ։ Ազրպէյճանական վարչակարգի հետեւողական ահաբեկչական քաղաքականութիւնը Արցախի բնիկ հայերու նկատմամբ ակնյայտօրէն կը նպատակադրէ վախ ու ահաբեկում սերմանել բնակչութեան մէջ։

Կոչ կ՚ուղղենք Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիին, որպէսզի անյապաղ յայտարարութիւն տարածէ՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի այս վարքագիծը եւ կոչ ընել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն անյապաղ ապաշրջափակել ճանապարհը եւ վերականգնել դէպի Արցախ կազամատակարարումը։