ԵՄ-ն Կոչ Կ՝ընէ Ազրպէյճանին Ապահովելու Լաչինի Միջանցքով Անվտանգ ու Ազատ Տեղաշարժը

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոմիութիւնը Դեկտեմբերի սկիզբէն լուրջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ տեղի ունեցող տարբեր զարգացումներուն։ Ըսուած է ԵՄ մամուլի ծառայութեան յայտարարութեան մէջ։

ԵՄ-ն կոչ կ՝ընէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ապահովելու միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան: Նման ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները զգալի անհանգստութիւն կը պատճառեն տեղի բնակչութեան եւ կ՝առաջացնեն մարդկայնական մտահոգութիւններ:

Այլ մտահոգութիւնները կրնան եւ պէտք է լուծուին ներգրաւուած կողմերուն հետ երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցով:

ԵՄ-ն կը կրկնէ զսպուածութեան իր կոչը եւ պատրաստ է նպաստելու վերոնշեալ ջանքերուն։

ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Պորելի խօսնակ Սդանոն ալ Twitter-ի վրայ աւելցուցած է, որ ԵՄ-ն նաեւ մտահոգուած է Ղարաբաղ կազամատակարարումը դադրեցնելու մասին հաղորդագրութիւններով։