Ռուսիան Պէտք է Յստակ Պարզաբանէ, Թէ Ազրպէյճանը Ինչո՞ւ Փակած է ՌԴ Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Միջանցքը եւ Ինչ Կը Պահանջէ

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիան մէկ կողմ պէտք է դնէ դիւանագիտական բառապաշարը եւ յստակ պարզաբանէ, թէ ինչո՞ւ Ազրպէյճանը փակած է ՌԴ վերահսկողութեան տակ գտնուող միջանցքը եւ ինչ կը պահանջէ։ Այս մասին իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան:

«Ռուսիան մէկ կողմ պէտք է դնէ դիւանագիտական բառապաշարը եւ յստակ պարզաբանէ, թէ ինչո՞ւ Ազրպէյճանը փակած է ՌԴ վերահսկողութեան տակ գտնուող միջանցքը եւ ինչ կը պահանջէ։

Եթէ այս քայլով Ազրպէյճանը, Թուրքիան, երրորդ երկիրները կը փորձեն Ռուսիան ամբողջութեամբ հեղինակազրկել, ուրեմն ատիկա խնդրի միայն մէկ կողմն է, իսկ հայ ժողովուրդի համար առաջնայինը այս պահուն Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն կեանքն ու առողջութիւնն է։

Բոլոր այն երկիրները, որոնք հանդէս կու գան տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան դիրքերէ, պէտք է վերջապէս շարժին իրենց տեղէն, հակառակ պարագային ատիկա պիտի դիտուի Ազրպէյճանի համար վառած կանաչ լոյս»,- գրած է ան։