Արցախի Հանդէպ Սէրն է Այն Ուժը, Որ Մեզի Պէտք է Գօտեպնդէ Դիմանալու Բոլոր Տեսակի Սադրանքներուն․ Արցախի Թեմի Առաջնորդին Ուղերձը
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան ուղերձ յղած է՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ․
«Սիրելի՛ արցախցիներ,
Արցախեան վերջին գոյապայքարէն ետք ազրպէյճանական կողմը, չբաւարարուելով իր այսպէս կոչուած «ձեռքբերումներով», ախորժակ ունի ամբողջ Արցախի վրայ, եւ արդէն քանիցս փորձած է չարանենգ ճանապարհներով հասնիլ իր նպատակին՝ հոգեբանական ահաբեկչութեան ենթարկելով արցախահայութիւնը: Քանի որ արցախահայութիւնը ունի շատ լաւ փորձ՝ հասկնալու թշնամիին ծրագիրները, ուստի, այսօր ալ լաւ կը զգայ վտանգին աստիճանը եւ այդ իսկ պատճառով մտահոգ է, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ու կենսական ճանապարհի փակումը զուտ բնապահպանական հարց չէ, այլ Արցախի ժողովուրդին դէմ պետական հովանաւորութեամբ ծրագրաւորուած ու թիրախային գործընթաց մը, որ նպատակ ունի ամէն կերպով ճնշելու արցախահայութիւնը եւ ստիպելու լքել հայրենի հողը:
Սիրելի՛ արցախցիներ, կը յորդորենք չտրուիլ թշնամիի սադրանքներուն, չյուսահատիլ եւ խուճապահար չըլլալ, չկորսնցնել զգօնութիւնը, որուն ալ կը ձգտի մեր թշնամին:
Սատանան Քրիստոսի խաչելութեան իրադարձութեան առաջ կանգնած կը չարախնդար, թէ կրցաւ սպաննել ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը, բայց ի զօրու չէր տեսնելու Անոր իրական ուժը՝ Սիրոյ ուժը, որովհետեւ զուրկ էր սիրելու կարողութենէն։ Հայրենի մեր Արցախի հանդէպ սէրն է այն ուժը, որ մեզի պէտք է գօտեպնդէ դիմանալու բոլոր տեսակի նեղութիւններուն ու սադրանքներուն, որոնք չեն կրնար վերացնել մեր այդ կենարար ուժը, որ վերջ ի վերջոյ պիտի յաղթէ, ինչպէս Քրիստոս Իր յարութեամբ յաղթեց մահուան զօրութեան։
Լիայոյս ենք նաեւ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ բարձր մակարդակով իրականացնել սրբազան իր առաքելութիւնը եւ կը վերականգնէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի կենսական ու ապահով գործունէութիւնը: «Նեղութիւնները համբերութիւն կը բերեն, համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, փորձառութիւնը՝ յոյս, յոյսը երբեք չ՝ամչցներ» (Հռոմ․ 5:4-5)»։
