Դեղամիջոցներու Մատակարարումը Անհնար Դարձած է. Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կ՝ահազանգէ

Հայաստան

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի արգելափակման հետեւանքով առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող Արցախի քաղաքացիներուն տեղափոխումը Երեւան կը շարունակէ անհնար մնալ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն:

«Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը գործադրէ հնարաւոր բոլոր ջանքերը անոնց մասնագիտական օգնութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ՝ կապ պահպանելով նաեւ Երեւանի մասնագէտներու հետ:

Ներկայ պահուն առաջին օգնութեան համար անհրաժեշտ դեղերու եւ բժշկական պարագաներու պակաս չկայ: Այդուհանդերձ, անհանգստացնող է, որ դեղամիջոցներու մատակարարումը դարձած է անհնար»,- նշուած է Արցախի ԱՆ հաղորդագրութեան մէջ: