13 Ժամէ Ի Վեր Փակ է Արցախը Աշխարհին Կապող Միակ Ճանապարհը․ Արցախի ՆԳՆ

Աշխարհ, Հայաստան

13 ժամէ ի վեր փակ է Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։

Այսօր առաւօտեան խումբ մը ազրպէյանցիներ` բնապահպանական պատճառաբանութիւններով՝ ժամը 10:30-ի կողմերը փակած են Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի Շուշի-Քարին տակ հատուածը։

Հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնց մէջ անչափահասներ, չեն կրնար տուն վերադառնալ, անոնց մէկ մասը ժամանակաւոր մնացած է Սիւնիքի մարզին մէջ։

Ընդհատուած է Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Եղցահող գիւղերու փոխադրամիջոցային կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։

Իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերյալ Ներգին Գործոց նախարարութիւնը կը տրամադրէ լրացուցիչ տեղեկութիւն։