Անպատժելիութիւնը Կը Գրգռէ Պաշտօնական Պաքուի Ախորժակը եւ Յանցաւոր Նոր Ծրագիրներ Կը Ծնի. Մասիս Մայիլեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախկին նախարար, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Մասիս Մայիլեան Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան.

«Պաքուի իշխանութիւններուն նախայարձակ յայտարարութիւններն ու սադրիչ գործողութիւնները հիմնուած են Արցախի իբր ազրպէյճանական պատկանելութեան կեղծ թէզին վրայ։ Արցախի Հանրապետութեան տարածքի մեծ մասի ապօրինի բռնագրաւման եւ կատարած ռազմական յանցագործութիւններուն համար ազրպէյճանական կողմը դեռ չէ կրած իր պատիժը։ Իսկ անպատժելիութիւնը կը գրգռէ պաշտօնական Պաքուին ախորժակը եւ կը ծնի յանցաւոր նոր ծրագիրներ, որոնց մէջ է Արցախի նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութեան հաստատումը՝ յետագայ ցեղական զտումներու եւ բնիկ հայ ազգաբնակչութեան ցեղասպանութեան ակնկալիքով։

Պաքուի վարչակարգի զսպման համար հարկ է յստակ որոշումներ ընդունիլ եւ գործնական քայլեր ձեռնարկել, որոնք ի ցոյց պիտի դնեն, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը չեն տարածուիր Արցախի Հանրապետութեան վրայ։ Այս առումով մեծ նշանակութիւն ունի Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութեան այցը Ֆրանսա եւ նախագահ Յարութիւնեանի ըրած յայտարարութիւնները։

Մասնաւորապէս, Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին, որ թոյլ պիտի տայ կանխելու հայերու նոր ցեղասպանութիւնը իրենց հայրենիքին մէջ: Այցին ընթացքին նաեւ նշուած է, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը եւ այդ իրաւունքի իրացման արդիւնքներուն ճանաչումը հակամարտութեան կարգաւորման միակ ճանապարհն է, որ կ՝երաշխաւորէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան պատշաճ մակարդակի ապահովումը»։