
Փորձագիտական Եզրակացութեամբ Հաստատուեցաւ 44-օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Ազրպէյճանի Կողմէ Ֆոսֆորային Զէնքի Կիրառումը
Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Facebook-ի իր էջին վրայ կը գրէ․
Ազրպէյճանի կողմէ 2020թ. 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ֆոսֆորային զէնքի կիրառութեան փաստը բազմաթիւ յայտարարութիւններէ ու տեսանիւթերէ զատ, հաստատուեցաւ նաեւ փորձագիտական եզրակացութեամբ (ԱՀ դատախազութեան յայտարարութիւնը` https://t.ly/gSTR):
Դեռ 2020թ. Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու մարդու իրաւունքներու պաշտպանները համատեղ զեկոյց հրապարակած էին ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի մէջ հրկիզող, քիմիական տարրեր պարունակող (հնարաւոր է՝ սպիտակ ֆոսֆոր) զանգուածային ոչնչացման զինատեսակ կիրառելու վերաբերեալ` https://artsakhombuds.am/hy/document/761:
ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանին կողմէ կատարուած փաստահաւաք աշխատանքներուն ծիրէն ներս յայտնաբերուած ու հետազօտուած են ենթադրաբար ֆոսֆորային զէնքի կիրառութեան մասին վկայող շարք մը տեսանիւթեր, արցախեան եւ հայաստանեան բուժհաստատութիւններու մէջ բուժօգնութիւն ստացած են տարբեր աստիճանի քիմիական այրուածքներով զինուորականներ: Փորձագիտական եզրակացութիւնը ամփոփեց այն ողջ պատկերը, որուն մասին կը բարձրաձայնուէր արդէն երկու տարի: Փորձաքննութեան արդիւնքները անառարկելի վկայութիւնն են այն բանի, որ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանը գործած է պատերազմական յանցագործութիւններ՝ անտեսելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներն ու անոնցմով ստանձնած պարտաւորութիւնները։
Ֆոսֆորային զէնքը՝
1. ունի զանգուածային ոչնչացման բնոյթ,
2. ունակ է յառաջացնելու մարդկային մեծ կորուստներ, պատճառելու տառապանք,
3. ունակ է մեծ վնաս հասցնելու շրջակայ բնական միջավայրին,
4. կ՝արգիլուի խաղաղ բնակչութեան հանդէպ անոր կիրառումը: Միջազգային հանրութիւնը իրաւունք չունի անտեսելու զօր ու գիշեր աղաղակող այն փաստերը, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի յանցաւոր նպատակներուն եւ գործողութիւններուն մասին եւ հաւատալու ազրպէյճանական կեղծ եւ անհիմն «երաշխիք-խոստումներուն»։