Էրտողանի Խօսնակը ՀՀ-ի Հետ Սահմաններուն Մասնակի Բացումը Կրկին Կապած է Հայ-ազրպէյճանական Գործընթացին Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ եւ գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալընը՝ թրքական «A Haber» հեռուստաալիքի եթերով՝ պատասխանած է նաեւ ՀՀ-ի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք հայ-թրքական գործընթացը դանդաղա՞ծ է վերջին շրջանին, որուն ի պատասխան՝ Քալընը նախ յիշեցուցած է Փրակայի ՀՀ վարչապետի ու Թուրքիոյ նախագահի հանդիպման մասին, ըսելով.

«Ատիկա այս գործընթացին ամենակարեւոր հանդիպումներէն մէկն էր, քանի որ դէմ առ դէմ հանդիպման ընթացքին տրուած ցուցումները, մասնաւորապէս՝ գործընթացը առաջ տանելու համար անհրաժեշտ արհեստագիտական աշխատանքները ամբողջացնելու վերաբերեալ ցուցումները ծայրաստիճան կարեւոր էին: Մեր յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Քըլըչը եւ իր գործընկեր Ռուբինեանը այս թեմաները կը քննարկեն կանոնաւոր կերպով: Մեր ԱԳ նախարարն ալ իր գործընկերոջ հետ կը շարունակէ խօսիլ այս թեմային շուրջ: Այս ամսուան սկիզբն ալ սահմանին արհեստագիտական պատուիրակութիւններու հանդիպում տեղի ունեցաւ՝ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Հայաստանի տարածքին»:

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակին տեղութիւններով՝ հանդիպման ժամանակ կամուրջի վերանորոգման, սահմանը բանալու ժամանակ անցուդարձի վերահսկողութեան, մաքսային վերահսկողութեան եւ նմանատիպ այլ թեմաներու վերաբերեալ արհեստագիտական նախապատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատանք տարուած է:

«2 կողմն ալ ըրած են այդ աշխատանքները: Նոյնիսկ մերինները գացած են հակառակ կողմը՝ միասին ճաշած են: Այս տեսանկիւնէն հանգիստ կրնանք ըսել, որ կ՝իրականացուի դրական գործընթաց: 3-րդ երկիրներու քաղաքացիներու, դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձերու անցումները արտօնելը մօտակայ ժամանակները հնարաւոր իրականացուելիք քայլեր են»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահին խօսնակը, սակայն կրկին անգամ բոլոր այս քայլերուն իրականացումը կապած է հայ-ազրպէյճանական գործընթացին հետ:

«ՀՀ-ի հետ այդ գործընթացը իրականացնելու ընթացքին մենք միշտ մէկ բան կ՝ըսենք՝ կ՝ուզենք, որ ողջ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար միջավայր ստեղծուի: Ատոր համար ալ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ առկայ գործընթացը պէտք է անխափան կերպով առաջ երթայ»,- նշած է Քալընը:

Անոր խօսքով իրենց համար ծայրաստիճան կարեւոր է, որ 2 գործընթացները առաջ երթան համաժամանակեայ կերպով եւ Ազրպէյճանի հետ համակարգումով: