Կուտականի Մէջ Թշնամին Մեծաթիւ Զօրք ու Զինամթերք Կուտակած է
Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին զուգահեռ՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանգիծին վրայ իրավիճակը լարուած է։ Մասնաւորապէս, իրավիճակը լարուած է հայ-ազրպէյճական սահմանագիծի Գեղարքունիքի հատուածին վրայ։
MediaHub-ի տեղեկութիւններով՝ ազրպէյճանական կողմը մեծաթիւ զօրք ու զինամթերք կուտակած է Կուտականի նոր զբաղցուցած դիրքերուն վրայ, իսկ Կութ գիւղի հատուածին վրայ՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը ընդլայնած են հրետակոծութեան անմիջականութիւնը։