
Զօրակցութիւն Արցախին, Մոմավառութիւն, Միասնութեան Հաւաք եւ Համատեղ Յայտարարութիւն՝ Կլենտէյլի Մէջ (լուսանկարներ)
«Արցախի հետ, Արցախի համար»: Այս նշանաբանով բազմաթիւ լոսանճելըսահայեր Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9-ի երեկոյեան ժամը 7-էն, հաւաքուած էին Կլենտէյլի քաղաքապետարանի «Փերքինս» հրապարակին վրայ, նախ յարգելու Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը եւ միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու արցախահայութեան:
Միասնութեան այս ձեռնարկը կազմակերպած էին ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ Կեդրոնական Կոմիտէն, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը, մասնակցութեամբ ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Հ.Ե.Դ. Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնին, եւ ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութեան Վարչութեան:



Ձեռնարկին սկիզբը՝ հանդիսավար Շանթ Սասունեանի հրաւէրով՝ ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն պետական հիմները՝ Դրօ Գրիգորեանի կատարմամբ:
Այնուհետեւ, խօսք առաւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արդի Քասախեան, որ իր ելոյթին մէջ կեդրոնացաւ Արցախի ներկայ ծանր պայմաններուն եւ արցախահայութեան աջակցելու անհրաժեշտութեան հրամայականին:
Ապա, Ժպիտ Մելքոնեան ընթերցեց օրուան առիթով Հ.Ե.Դ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը՝ հայերէն եւ անգլերէն:
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ սրբազանին կողմէ ձեռնարկին մասնակցող Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Թորոսեան: Արժանապատիւ քահանայ հայրը՝ իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշելով, որ Արցախը երբեւէ չէ եղած Ազրպէյճանի կազմին մէջ եւ այսուհետեւ եւս պիտի չըլլայ՝ ներկաները հրաւիրեց Տէրունական աղօթքով խաղաղութիւն հայցելու արցախեան պատերազմի զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար:



ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը:
Վիքի Մարաշլեան, իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի միջոցով Արցախի մէջ իրականացուած նախագիծերուն եւ կարեւոր համարելով արցախահայութեան աջակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ի կողմէն Արցախին ցուցաբերուող օժանդակութիւններն ու իրականացուող նախագիծերը նոյնութեամբ պիտի շարունակուին:



Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովիկ Սալիբան: Ան իր խօսքին մէջ՝ բարձր գնահատելով ներկաներուն մասնակցութիւնը՝ անդրադարձաւ միասնութեան կարեւորութեան եւ աւելցուց, որ այդ միասնութիւնը պիտի ձեւաւորուի երեք կարեւոր գործօններու շուրջ, որոնք են՝ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը, Հայկական պետականութեան ամրապնդումը եւ զօրակցութիւն Արցախեան ազատագրական պայքարին:
Յովիկ Սալիբան ի դէպ, յայտարարեց, որ հանրահաւաքի կազմակերպիչներուն անունով պատրաստուած է յայտարարութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ Միասնութեան հանրահաւաքէն բացակայող կառոյցները եւս պիտի միանան այդ յայտարարութեան:
Ձեռնարկի աւարտին՝ Պատանեկան Միութեան խօսքը փոխանցեց նոյն միութեան անդամ Ամարաս Օվայեանը:
Միասնութեան հանրահաւաքի աւարտին՝ ներկաները մոմեր վառելով յարգեցին Արցախեան գոյամարտերու եւ մասնաւորապէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ինկած հերոսներուն յիշատակը:
Թղթակցութիւնը պատրաստեց՝ Ռ.Մ.