
ԵԽ Խորհրդարանականները Արցախահայութեան Սատարելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած են
Նոյեմբեր 1-ին, ՀՀ-ի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութենէն ներս ԱՀ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանի ղեկավարած պատուիրակութիւնը ընդունած է ԵԽ խորհրդարանականներ, Եւրոպական Խորհրդարանի նիտըրլանտացի պատգամաւոր, ԵԺԿ քաղաքական խումբի անդամ Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Փիդըր Վան Տալենը, ԵԽ նախկին փոխնախագահ, իտալացի անկախ պատգամաւոր Ֆապիօ Մասիմօ Գասդալտոնը, գերմանացի պատգամաւոր, ԵՊՌ քաղաքական խումբի անդամ Լարս Փաթրիք Պերկը։ Այս մասին կը հաղորդեն ԱՀ ազգային ժողովէն։

Զրուցակիցները քննարկած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներն ու Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալուող քաղաքական զարգացումները, անդրադարձ եղած է արտաքին քաղաքական շփումներուն մէջ Արցախի համար ի յայտ եկած խոչընդոտներուն։

Կողմերը մտքեր փոխանակած են ազրպէյճանա-ղարաբաղյան հակամարտութեան ներկայ փուլին, Արցախի ժողովուրդին անվտանգ ու խաղաղ կեանքի իրաւունքին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի ձգտումներու զսպման հարցերուն շուրջ։ Հիւրերը իրենց կամքը յայտնած են Արցախի կողքին ըլլալու այս խնդիրներու բարձրաձայնման հարցով եւ ընդգծած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ սատարելու արցախահայութիւնը այս հարցերու յաղթահարման ճանապարհին։
ԱՀ ԱԺ