Թարմ Պտուղ-բանջարեղէնի Արտահանման Ծաւալը Աճած է 67.8 Տոկոսով
Այս տարի արձանագրուած է ծիրանի արտահանման ծաւալներու աննախադէպ աճ։ Այս մասին նշուած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Հանրապետութենէն արտահանուած է շուրջ 50,258 թոն ծիրան, որ նախորդ տարի արտահանուած 28,474 թոնի մակարդակը այսօրուան դրութեամբ կը գերազանցէ 21,784 թոն կամ շուրջ 76.5%-ով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յուլիս 27-ի դրութեամբ, նախորդ տարուան համեմատ, արտահանման ծաւալները աւելցած են շուրջ 68%-ով:
«2018 Յուլիս 27-ի դրութեամբ, ըստ անմիջական տեղեկատւութեան, հանրապետութենէն արտահանուած է 111,349 եւ մթերուած է 12,837 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն։ Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ արտահանման ծաւալները աւելցած են շուրջ 45 հազար թոնով կամ 67.8%-ով, մթերման ծաւալները՝ շուրջ 2251 թոնով կամ 21.3%-ով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը յատկապէս արտահանուած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ շուրջ 104,318 թոն, մնացեալը՝ Վրաստան, Պելառուսիա, Ուքրանիա, Մոլտովա, Ղազախստան, Իրաք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Պելճիքա, Ռումանիա, Քուէյթ, Քաթար եւ ԱՄՆ:
