
Երեւանի Համար Ընդունելի են Ղարաբաղի Հարցով Այն Մօտեցումները, Որոնք Կ՝առաջարկէ Ռուսական Նախագիծը. Փաշինեանը՝ Փութինին
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Սոչիի մէջ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է, որ Երեւանի համար ընդունելի են Ղարաբաղի հարցով այն մօտեցումները, որոնք կ՝առաջարկէ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու հաստատման ռուսական նախագիծը։ Այս մասին կը հաղորդէ TASS լրակուականը:
Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանը յոյսով է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը յստակ դիրքորոշում պիտի յայտնէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներէն Ազրպէյճանի զինուած ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ըսած է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիէն ազրպէյճանական զօրքերուն դուրսբերումը:
Փաշինեանը աւելցուցած է, որ Հայաստանը պատրաստ է ցանկացած պահու ապաշրջափակելու Ազրպէյճանի հետ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները, սակայն Հայաստանի տարածքին վրայ հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ Երեւանի լիակատար վերահսկողութեան տակ: