Հրայր Բազէի Երկու Գիրքերուն Ներկայացումը Նիւ Եորքի Մէջ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 23-ին,Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ Խաչերեան ներկայացուց իր վերջին երկու գիրքերը՝ “Artsakh: The Photographer’s Eye” եւ “Armenia Heaven on Earth”։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-էն։
Հրայր Բազէ լուսանկարած է Հայաստանի, Արցախի, Ղրիմի, Իրանի, Լիբանանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Սուրբ Տեղերու մէջ։
Ան նկարագրեց իր բազմաթիւ ճամբորդութիւններու աշխարհի շուրջ վերջին երեսուն տարիներուն եւ հիւրերուն հետ բաժնեկից եղաւ իր նկարներուն, հայ մշակոյթի ու ժառանգութեան շուրջ իր ուրոյն տեսանկիւնը ներկայացնելով։
Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, ներկայացուց հիւրը։
Գիրքերու ներկայացման աւարտին, լուսանկարիչը մակագրեց իր հատորները։
