Հայ Մշակոյթի Տօնին Նուիրուած Ձեռքի Աշխատանքներու Ցուցահանդէս-մրցոյթ Թեհրանի Մէջ

Սփիւռք

Հ.Մ.Ա.Կ.-ի Երէցներու միութեան Արհեստից բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ՝ Հոկտեմբեր 14-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին տեղի ունեցաւ Հայ Մշակոյթի տօնին նուիրուած ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԼԻՔ»-ը։

Մասնակցած էին 343 մանուկ-պատանի-երիտասարդներ՝ «Արաքս», «Գիւլբենգեան», «Նայիրի», «Արարատ», «Շանթ» դպրոցներէն, նաեւ «Էլպիս Ֆերահեան» եւ «Մարիամ» մանկապարտէզները, «Ակունք» կեդրոնը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի աշակերտները, «Մեղրի» արուեստանոցի աշակերտները, Հ.Մ.Ա.Կ.-ի Արուեստից ու Սկաուտական միութիւններու անդամները։

Ամառնային ընթրիքներու շրջափակին մէջ տեղադրուած եւ ցոյցադրուած էին արուեստասէր մասնակիցներուն գեղեցիկ աշխատանքները, որոնք կը դիտուէին մեծ ոգեւորութեամբ ու գնահատանքով։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երէցներու միութեան նախագահ՝ Հենրիկ Բաբա Ահարոնեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ ի սրտէ գնահատեց ներկայացուած աշխատանքները։

Բոլոր մասնակիցները ստացան նուէրներ։

Ապա իրաւարարներ՝ Լուսինէ Յարութիւնեանի եւ Հերմինէ Բեգլարեանի միջոցով ստացան գնահատականներ։

Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ շահողները հանդիսացան հետեւեալները՝

Մելանի Մկրտչեանը («Մեղրի» արուեստանոց)

Էմինէ Խոդադատ («Մեղրի» արուեստանոց )

Արմէն Աբադ («Գիւլբենգեան» դպրոց)

 Հ. Մ.«Արարատ» Կ.