Որեւէ Տարբերակ, Որ Կը Սահմանափակէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը, Մեզի Համար Անընդունելի է (տեսանիւթ)

Հայաստան

Փութինի խօսքը շատ յստակ ու պարզ էր, մենք այդ մասին եւս այս ընթացքին խօսած ենք, նաեւ ԱԺ-ի մէջ յայտարարութիւններու ժամուն մեր մասնակցելու նպատակը այդ էր, որ յստակ արձանագրուի, որ որեւէ փաստաթուղթ, որ կը սահմանափակէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, մեր կողմէ պիտի պատռուի, անընդունելի է եւ ամէն կերպ պիտի պայքարինք անոր դէմ։ Այսօր, ըստ arfd.am-ի, «Լազարեան ակումբ»-ի նիստէն առաջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը՝ անդրադառնալով նախօրէին «Վալդայ» միջազգային քննարկման ակումբի լիագումար նիստին ժամանակ ՌԴ նախագահի ըրած յայտարարութեան, թէ կայ ուաշինկթընեան փաստաթուղթ, որմով կ՝առաջարկուի Արցախը անցնել Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

«Կայ ամերիկեան կողմին ներկայացուցած յստակ սեղանին դրուած փաստաթուղթ, որ մամուլով հրապարակուած է, Սեպտեմբեր 27-ով թուագրուած, որմով Արցախը կ՝անցնեն Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ատիկա ըլլայ ամերիկեան տարբերակ, ռուսական, թէ՝ չինական, կապ չունի: Ասիկա Արցախի հարց չէ, Հայաստանի պետականութեան գոյութեան հարց է: Միակ ճանապարհը երկիրը նոր կապիտուլիացիայէն կանխելու, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համաժողովրդական, համահայկական ընդվզումն է օրուան իշխանութիւններուն դէմ»,- ըսաւ ան:

Հարցին, թէ ինչ պիտի ընէ ընդդիմութիւնը, Իշխան Սաղաթելեան պատասխանեց. «Մեր պայքարը կանգ չէ առած, Արցախի մէջ կայանալիք հանրահաւաքէն անմիջապէս ետք մենք պիտի արձագանգենք եւ ներկայացնենք պայքարի այն ձեւերն ու տարբերակները, որոնք կը պատկերացնենք յառաջիկային: Այս պահուն, կը վստահեցնեմ, որ ամէն ինչ պիտի ընենք»:

Ասիկա կը նշանակէ աշխարհաքաղաքական ճողուածք, ըսաւ Իշխան Սաղաթելեան՝ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Հայաստանը համաձայնած է աշխատիլ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնական սկզբունքներուն եւ յարաչափերուն հիման վրայ եւ պատրաստ է հաստատելու ատիկա Սոչիի մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ Ռուսիան պիտի աջակցի իր առաջարկներուն:

«Ասիկա կը նշանակէ երթալ Պրիւքսէլ, ըսել մէկ բան, Մոսկուա՝ այլ բան, Ուաշինկթըն՝ ուրիշ բան, ու երկիրը սարքել աշխարհաքաղաքական կեդրոններ մրցակցութեան ու հակասութիւններու մանրադրամ: Գիշերը «Հայկական ժամանակ»-ով այլ բան գրեց, կէսօրին twitter-ով այլ բան ըսաւ, երեկոյեան վստահ եմ՝ ուրիշ բան պիտի ըսէ, պիտի երթայ փակ սենեակ ու լրիւ ուրիշ բան ըսէ: Ասիկա գաւառական ժուլիկութեամբ երկիրը դարձնել է աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մանրադրամ»,- ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի անոր, որ այսօր Հայաստան ժամանած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Դոյվօ Գլաարը, Իշխան Սաղաթելեան ըսաւ. «Ամէն մէկը իր բաժինը կ՝ուզէ Հայաստանէն՝ այս իրավիճակին մէջ: Հայաստանը բանակցութիւններուն մէջ պէտք է հանդէս գայ հայկական օրակարգով, տարբերակ մը, որ հայկական պետականութեան գոյութեան չի վնասեր Նիկոլի առաջարկածը եւ իբր միջազգային աջակցութեամբ ծրագիրը Արցախի յանձնում է, որ պիտի բերէ հայկական պետականութեան կորուստ: Անոնք, որոնք կ՝ըսեն՝ Արցախը տանք, Հայաստանը պահենք, հայ ժողովուրդի դաւաճաններ են»:

Ան յայտարարեց, որ իրենք դէմ չեն խաղաղութեան, դէմ չեն բանակցութիւններուն, նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ. «Բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք չէ հայ ժողովուրդի հայրենազրկման գնով ըլլայ, Արցախը կորսնցնելու գնով ըլլայ: Թշնամու զօրքերը պէտք է դուրս շպրտուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն: Դուն չես կրնար խօսիլ խաղաղութեան մասին, երբ խրամատներուն մէջ, այս պահուն, կան հայ զինուորի դիակներ, նաեւ բուժքրոջ, դուն այդ պայմաններուն մէջ կ՝երթաս Ալիեւի ու Էրտողանի հետ հանդիպման, կը խօսիս խաղաղութեան մասին: Ատոր համար ալ այսօր ոեւէ մէկը չի յարգեր մեզի»,- ընդգծեց ընդդիմադիր պատգամաւորը: