Մենք Իրականացուցած Ենք Մեր Ինքնորոշման Իրաւունքը, Որ Կը Նշանակէ՝ Արցախի Հանրապետութիւն Կայ. Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստան

Տարբեր առիթներով ՀՀ իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ արցախահայութեան որոշակի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնային, սակայն որեւէ խօսք չկայ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին մասին։

Առհասարակ Արցախը ինչպէ՞ս կ՝ընկալէ ու արձագանգէ նման յայտարարութիւնններուն, երբ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ որեւէ խօսք չկայ։

168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, հարցին ի պատասխան, նախ առաջարկած է՝ հաւանաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններէն պարզաբանում ըլլայ, թէ ինչու ինքնորոշման մասին խօսք չկայ, ապա՝ շարունակած է.

«Երբ մենք կը խօսինք ինքնորոշման մասին, ոչ միայն իրաւունքն է, այլեւ այդ իրաւունքին իրականացման փաստը պէտք է յարգուի։ Մենք իրականացուցած ենք մեր ինքնորոշման իրաւունքը, որ կը նշանակէ, որ կայ Արցախի Հանրապետութիւն։ Այս պահի դրութեամբ, եթէ պաշտօնական Երեւանը հիմնական շեշտը կը դնէ Արցախի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան վրայ, ուրեմն՝ պէտք է հասկնալ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան, բնականոն զարգացման եւ այլն։ Այլ տարբերակ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման իրաւունքը քանի մը անգամ իրացուցած է՝ ատիկա եղած է 1991 թուականի Դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէն, եղած է սահմանադրական հանրաքուէն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ընտրութիւններ եւ այլն։ Հետեւաբար, եթէ ատիկա Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնն է, այդ պարագային ասիկա ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուի»,- նշած է Դաւիթ Բաբայեան։