
Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան` Հայրապետական Նուիրակ Բերիոյ Հայոց Թեմին
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Բերիոյ հայոց թեմի հայրապետական նուիրակ նշանակեց Մակար եպս. Աշգարեանը:
Երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2022-ին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի եւ Սարգիս վրդ. Աբրահամեանի:
Հայրապետական նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է դպրեվանքին մէջ իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ` իբրեւ հոգեւոր հովիւ, Թեհրանի հայոց թեմին մէջ` իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ, մայրավանքին մէջ` իբրեւ լուսարարապետ մայր տաճարի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ: