Կոչ Կ՝ընենք Մերժելու Միասնականութիւնը Խաթարող Նախաձեռնութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

Յայտարարութիւն

Համազգային միասնութիւնը, իրապէս որ, հայ ժողովուրդի համար միակ փրկութիւնը կրնայ ըլլալ այս վճռորոշ ժամանակահատուածին: Արցախի քաղաքական ուժերն ու իշխանութիւնները իրենց յայտարարութիւններուն ու կոչերուն մէջ միշտ ալ կարեւոր համարած են եռամիասնութեան գաղափարը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող գործնական քայլերը: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իրականացման համար կարեւորագոյն հանգրուաններ եղած են մայր հայրենիքի եւ Արցախի մէջ տարբեր ձեւաչափերով կազմակերպուած համաժողովներն ու քննարկումները: Այդ հաւաքներուն ընթացքին մեր հայրենակիցներուն շփումները առիթ եղած են աշխարհին, մեր բարեկամներուն ու հակառակորդներուն ապացուցելու, որ յանուն անանց արժէքներու եւ կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու՝ հայ անհատը, աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլայ, պատրաստ է զոհողութեան ու նուիրումի, համախմբման ու բռունցքուելու: Անցած տասնամեակներուն Արցախը եղած է այդ համախմբման հիմնական առանցքը, հանդիսացեծ է հայկական աշխարհի խմորիչը, մարմնաւորած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին տեսլականը: Արցախով սկսած է եւ Արցախով իմաստաւորուած իւրաքանչիւր համախմբման կոչ, իւրաքանչիւր համահայկական գաղափար:

44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք՝ Արցախի պետականութեան պահպանման, ամրապնդման եւ վէրքերու ապաքինման առումով համոզուած ենք, որ մեծ դեր կրնայ ունենալ համազգային արժէքներու եւ եռամիասնութեան գաղափարին շուրջ համախմբումը: Սոյն թուականի Հոկտեմբեր 28-31 Երեւանի մէջ կը նախատեսուի իրականացնել Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով: Այդ ժողովի օրակարգին եւ կազմակերպման ընթացքին իրենց վերապահումները արտայայտած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հովուապետները՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ․ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսները: Գագաթնաժողովին չեն հրաւիրուած կամ պոյքոի ենթարկուած են Սփիւռքի ազդեցիկ քաղաքական կազմակերպութիւններ ու անհատներ:

Գագաթնաժողովին օրակարգը եւ նախատեսուած ձեռնարկները պատշաճ ու համարժէք չեն անդրադառնար Արցախին եւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Արցախը կը բացակայի այս գագաթնաժողովէն, այն պարագային, երբ պէտք է համազգային տագնապի կոչնակ հնչեցնել: ՀՀ իշխանութիւնները ոչ մէկ ջանք կը խնայեն Արցախն ու Արցախի հարցը դուրս մղելու թէ՛ միջազգային, եւ թէ՛ համահայկական օրակարգէն: Այս գագաթնաժողովը նշուած իրականութեան եւս մէկ ապացոյցն է: Արցախը անտեսող եւ կեղծ համահայկականութեամբ քողարկուած այս ժողովը անընդունելի պէտք է ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնց համար թանկ են հայոց պետականութիւնը եւ անոր ամրութիւնը ապահովող հիմնասիւները:

Հիմք ընդունելով վերը նշուած իրողութիւնները՝ կոչ կ՝ընենք մեր հայրենակիցներուն, Արցախի պետական այրերուն, մերժելու միասնականութիւնը խաթարող նախաձեռնութիւնները:

Արդարութիւն կուսակցութիւն

Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն

ՀՅԴ Արցախի կառոյց

24 Հոկտեմբեր, 2022թ.