Սուրէն Գրիգորեանը՝ Եւրոպայի Մ20 Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ալպանիոյ մէջ շարունակուող ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Սուրէն Գրիգորեանը նուաճեց Հայաստանի երրորդ ոսկէ մետալը: 89 քկ քաշայիններու պայքարի ընթացքին Գրիգորեանը երկամարտի 340 քկ արդիւնքով նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Այս մասին կը հաղորդէ Sports.News.am-ը։

Այս քաշային կարգին մէջ Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչ Գէորգ Ղահրամանեանը երկամարտի 325 քկ արդիւքով 5-րդն է:

Մ20 Եւրոպայի փոխ ախոյեան, երիտասարդներու աշխարհի փոխ ախոյեան Սուրէն Գրիգորեանը պոկում վարժութեան ընթացքին առաջին մօտեցմամբ բարձրացուց 153 քկ, ապա՝ 155 քկ: Այս վարժութեան ընթացքին նուաճեց փոքր արծաթէ մետալ: Երրորդ մօտեցման 158 քկ-ը չյաջողեցաւ: Հրում վարժութեան միայն մէկ մօտեցումը յաջողութեամբ կատարեց՝ գլխավերեւը պահելով 185 քկ: Երկրորդ մօտեցման համար պատուիրուած 190 քկ-ը ձախողեցաւ: Երրորդ մօտեցման չգնաց, քանի որ արդէն շրջանցած էր թուրք մրցակիցները եւ հռչակուած էր ախոյեան: Այս վարժութեան մէջ ալ արժանացաւ փոքր ոսկէ մետալի:

Գէորգ Ղահրամանեանը պոկում վարժութեան ընթացքին գրանցեց 140 քկ արդիւնք, հրումի ընթացքին՝ 185 քկ: Այս վարժութեան մէջ Ղահրամանեանը արժանացաւ նաեւ փոքր արծաթէ մետալի:

89 քկ քաշային կարգի մէջ արծաթէ մետալակիր դարձաւ թուրք Գան Ուլաս Գունրազը (339 քկ). պրոնզէ մետալակիր՝ թուրք Հագան Սուրգու Գուրնազը (337 քկ):