Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Կոչը՝ Կովկասի Մահմետականներու Վարչութեան Նախագահին

Աշխարհ, Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութիւն տարածած է Պաքուի մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան կրօնական առաջնորդներու հանդիպման վերաբերեալ։

«Հոկտեմբեր 20-ին Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան կրօնական առաջնորդներու երրորդ հանդիպման ընթացքին Պաքուի մէջ, որ շարունակուեցաւ գրաւուած Շուշիի մէջ, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի կողմէ հերթական անգամ հնչեցուած են հերիւրական ու նենգափոխիչ յայտարութիւններ եւ դատողութիւններ ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդրի, ցեղական զտումներու, թիւրք-իսլամական մշակութային-հոգեւոր ժառանգութեան ոչնչացման, սրբավայրերու իւրացման, ազրպէյճանական խաղաղասիրութեան եւ հայկական վրէժխնդրութեան վերաբերեալ, որոնց առնչութեամբ հայկական կողմի պետական եւ հոգեւոր պատկան կառոյցներուն կողմէ բազմիցս տրուած են եւ այսօր ալ շարունակաբար կը տրուին պատասխաններ եւ լուսաբանութիւններ։

Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը չէ խորշած անգամ Հայոց Եկեղեցւոյ մեղադրանքներ հասցէագրելու եւ կեղծ վերագրումներու ծիրէն ներս կոչ յղած է Սուրբ Էջմիածնին եւ ցուցմունքներ՝ մեր «ժողովուրդը ոչ թէ նոր արհաւիրքներ, այլ փրկութիւն» բերող քայլերու առաջնորդելու։

Տարօրինակ է, որ 2020 թուականին Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձնազերծած պատերազմէն եւ իրագործած անմարդկային դաժանութիւններէն ետք Շէյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հրահրիչ խօսոյթը բնաւ չէ փոխուած։ Ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութիւնը  իբր թէ կարեւոր համարող Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահը, հակառակ հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումներուն ընթացքին որդեգրուած ուղերձներու ոգիին, նոյն ժամանակ լուռ է Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակման, ռազմատենչութեան եւ հայատեացութեան, ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներխուժումներուն, սահմաններուն ամէնօրեայ սադրանքներուն, խաղաղ բնակավայրերը գնդակոծելուն, հայ ռազմագերիները անօրինաբար պահելու եւ խոշտանգելու, դաժանօրէն կէանքէ զրկելու, զոհուածներու մարմինները խեղելու եւ պղծելու, Արցախի մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ կեանքին իրաւունքը ոտնահարելու, հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ իւրացնելու փաստերուն առնչութեամբ, որոնք յստակ եւ հիմնաւոր փաստագրուած են նաեւ միջազգային հանրութեան եւ կառոյցներուն կողմէ։

Թուարկուած հարցերը կարօտ են շուտափոյթ լուծումներու, իսկ մարդասիրական խնդիրները առաւել եւս կարիք ունին Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդի ուշադրութեան եւ միջնորդական ջանքերուն։ Սուրբ Էջմիածնի կոչն է Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէին՝ հաւատարիմ հոգեւոր իր կոչման ու առաքելութեան, տեսանելի քայլեր գործադրելու այս ուղղութեամբ՝ թօթափելու վշտացեալ հոգիներէն ցաւն ու տրտմութիւնը։

Թող Բարձրեալը օրհնէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն կեանքը երկնապարգեւ խաղաղութեամբ, ողորմութեամբ եւ առատ շնորհներով»։