Հայ Մամուլի Օրուան Առիթով․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայ մամուլի օրը շնորհաւորանքներու եւ մամուլի դերը շեշտող գրութիւններէն անդին  առիթ պէտք է հանդիսանայ ընդհանրապէս հայկական լրատուադաշտի ամէնէն արդիական խնդիրներու քննարկման, բայց մանաւանդ  տեղեկատուական նոր ռազմավարութեան մշակման համար: Կան դասական խնդիրներ` հաւաստիութեան, լեզուի պահպանման, համագործակցութեան, տպագիրի հեռանկարներուն, նորարարութիւններուն հետ քայլ պահելուն եւ նման բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ամէնէն արագ կշռոյթներով կը փոխուին հրատապ թեմաներու առաջին հորիզոնականները: Հիմա փաստօրէն պարտադրուող զիջումներուն դիմաց համահայկական հակազդեցութիւն յառաջացնելու համար յայտարարութիւններու փակագիծերը բանալու, քաղաքական ընթերցումները ճիշդ կատարելու եւ հակազդեցութեան մղելու առաքելութիւնն է, որ կ՛ակնկալուի հայ մամուլէն, Հայաստանի մէջ, թէ սփիւռքի:

Հեռահար կտրուածքով, երիտասարդ մարդուժ ներգրաւելու, բայց մանաւանդ խմբագրական քաղաքականութիւնը վերամշակելու համար անհրաժեշտ է նոր աշխատակարգ. ընթերցողին, հետեւողին եւ կարծիք փոխանցել ուզողին առիթ տալը իրենց տեսակէտը խմբագրութեան փոխանցելու, որուն հիմամբ ալ բովանդակութեան ուղենիշներ ճշդելու: Յաւելուածը տեղադրուած  է նաեւ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Հայ մամուլի օրուան առիթով կ՛արտատպենք «Ազդակ»-ի բովանդակութեան վերաբերող հարզախոյզի խմբագրականը: Յայտնենք, որ խմբագրակազմը հաշուի պիտի նստի հարցախոյզի արդիւնքներուն հետ: Հարցուած իւրաքանչիւր թեմայի մասին տրուած վիճակագրական պատկերին կ՛անդրադառնանք առանձին:

ՀարցախոյզըԻբրեւ
Նոր Աշխատակարգ Եւ Ուղենիշ

«Ազդակ»-ի 95-ամեակի ծրագիրներուն մաս կը կազմէր հարցախոյզի իրականացումը իբրեւ նոր միջոց` խմբագրական քաղաքականութեան վերանայման համար: Վիճակագրութիւնները, հարցախոյզերը ժամանակ առ ժամանակ կ՛իրականացնեն պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, հաստատութիւններ` իրենց ծրագիրներու եւ ռազմավարութիւններու վերամշակման համար:

Հարցախոյզի արդիւնքներոն հետ հաշուի նստիլը առարկայական մօտեցումի գերադասում է եւ գաղափարախօսական առումով նաեւ աւելի ժողովրդավար` գործի ղեկավարման համակարգին համար:

Այդ արդիւնքները կրնան անպայման չհամընկնիլ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան խմբագրական, լրատուական կամ ընդհանրապէս էջերու բովանդակութեան պատասխանատուներու նախասիրութիւններուն, առաջնահերթութիւններուն: Անոնք կողմնորոշիչ ազդեցութիւն ունենալու հանգամանքը ունին սակայն, եթէ այս պարագային մեր թերթի հետագայ աշխատանքները պիտի փորձենք ընթերցողին կատարած մատնանշումներուն, առաջարկներուն եւ նկատողութիւններուն ընդառաջ կազմակերպել:

Այսօր աւելի հեշտացած են նման հարցախոյզեր կազմակերպելու մեթոտները: Առցանց հարթակը կը խնայէ անձ առ անձ հանդիպումներու ժամանակը եւ հարիւրաւոր ընթերցող կրնայ համախմբել հեռավար դրութիւններով:

Այս աշխատակարգը նաեւ երիտասարդութեան ներգրաւում կ՛ենթադրէ: Թէ՛ հարցաշարը պատրաստողը, թէ՛ համակարգչային նման ծրագրաւորում ապահովողը, թէ՛ այդ հարթակին տարածումը կատարողը, եւ թէ՛, ինչո՞ւ չէ, մասնակիցներուն կարեւոր համեմատութիւնը երիտասարդ խաւին մաս կը կազմեն:

Առցանցն ու համակարգչային ծրագիրը երիտասարդական  ուղղութիւններ են, արդիական են, հետեւաբար նաեւ` ժամանակին համահունչ:

Մեծ է գոհունակութիւնը «Ազդակ»-ին համար, որ մեր երիտասարդ աշխատակիցներու խումբը տենդագին լծուեցաւ այս աշխատանքին եւ իրականացուց զայն ամիսներու տեւողութեան ընթացքին: Մեր երիտասարդները նախապատրաստեցին հարցաշարը, որդեգրեցին ամէնէն գործնական ծրագիրը, տարածեցին մասնակցելու կապը, դիմեցին տարբեր երիտասարդական շրջանակներու, իրականացուցին հարցախոյզը եւ այդ բոլորէն ետք, մանաւանդ, պատրաստեցին մեզի համար ուղենիշ նկատուող այս թղթածրարը:

95-մեակի կարեւորագոյն իրագործումն էր այս մէկը, որուն կը ծանօթանայ «Ազդակ»-ի ընթերցողը: Կը խորհինք, որ այս առաջին փորձն է, որովհետեւ ժամանակի առընթեր կը փոխուին հետաքրքրութիւնները, նախասիրութիւնները, առաջնահերթութիւնները: Ժամանակի առընթեր կու գան երիտասարդ ընթերցողի նոր սերունդներ: Ժամանակի առընթեր կը պատրաստուին առցանց հարցախոյզեր կազմակերպողներն ու վիճակագրագէտները:

Այս բոլոր պատճառներով ուղենշային է այս ծրագիրը, որովհետեւ հեռանկարային է նաեւ: Այս գործը բացառապէս երիտասարդներու գործ է, եւ մենք պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ մեր երիտասարներուն մեզի հրամացուցած թղթածրարի արձանագրած արդիւնքներուն հետ: