Ազրպէյճանը Աւերած է Հադրութի Շրջանի Հայկական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանցիները աւերած են Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին (18-19դդ.), գիւղը նոյնպէս ենթարկուած է մեծ աւերածութիւններու։

Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, նշուած է Caucasus Heritage Watch-ի նոր զեկոյցին մէջ, որ հրապարակուած էր վերջերս։ Caucasus Heritage Watch-ը օգտագործած է արբանեակային պատկերներ՝ արձանագրելու հայկական մշակութային ժառանգութեան ճակատագիրը։ Սուրբ Սարգիսի աւերումը 2021 թուականին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի միջանկեալ միջոցի, որ պարտաւորեցուցած էր Ազրպէյճանին «կանխելու եւ պատժելու հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանտալութեան ու պղծման գործողութիւնները», առաջին խոշոր խախտումն է։

Արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան, որ Սուրբ Սարգիսը աւերուած է 2022 թուականի Մարտ-Յուլիս ժամանակահատուածին։

Մարտի արբանեակային պատկերին մէջ եկեղեցին դժուար է տարբերել հողի մակերեսէն տանիքի բուսականութեան պատճառով: Բայց տանիքի ուրուագիծերը կ՝երեւին, իսկ շրջակայ գիւղը անձեռնմխելի է։