Ազրպէյճանը Պէտք է Դուրս Ելլէ ՀՀ Տարածքէն. ԵԽԽՎ Պատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին Ֆրանսայի պատուիրակ Ժաք Լէ Նայ լիագումար նիստին յստակ յայտարարած է, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի,  Ազրպէյճանը պէտք է դուրս ելլէ Հայաստանի տարածքէն: «ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ պատգամաւորը այս մասին խօսած է ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու, նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման վերաբերեալ հարցերու քննարկման ընթացքին:

Ան աւելցուցած է, իբրեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններ, երկու երկիրները պէտք է յարգեն ռազմագերիներուն իրաւունքները եւ գերի չվերցնեն: «Սակայն մամուլը կը յայտնէ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող տեսանիւթերու մասին, որոնց մէջ կ՝երեւի, թէ ինչպէս ազրպէյճանցի զինուորականները կ՝առեւանգեն ու կը խոշտանգեն հայերը։ Ազրպէյճանը պէտք է հետաքննէ այս միջադէպերը եւ մեղաւորները պատասխանատւութեան ենթարկէ»,-շեշտած է ԵԽԽՎ պատգամաւորը:

Այսպիսով` ան կոչ ըրած է երկու երկիրներուն արագօրէն բանակցելու խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ: Այս առումով պատգամաւորը կարեւոր համարած է, որ Եւրոխորհուրդը ամբողջութեամբ կատարէ իր դերը՝ իբրեւ քննարկման համաեւրոպական հարթակ եւ քաղաքական երկխօսութեան միջոցով նպաստէ լարուածութեան թուլացմանն ու քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքները յարգելուն:

«Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին առնչութեամբ։ ԵՄ-ն ու ԱՄՆ-ն, բայց նաեւ Ռուսիան ու Թուրքիան պէտք է միասին աշխատին այս հակամարտութիւնը լուծելու համար»,-ըսած է ան՝ նկատելով, որ, սակայն, այս հարցով միջազգային հանրութիւնը զօրաշարժի ենթարկելը դիւրին չէ՝ հաշուի առնելով Ուքրանիոյ իրավիճակը: