
Մեր Ժողովուրդի Գոյատեւման եւ Յառաջընթացի Միակ Ճանապարհը Ազգային ու Հոգեւոր Առողջ Ուժերու Համախմբումն է․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Հոկտեմբեր 7-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) 92-րդ համագումարի մասնակիցները՝ ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տեղեկատուական համակարգէն։
Նախքան հանդիպումը՝ Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ՝ ՀԲԸՄ անդամները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ազգային բարերար, ՀԲԸՄ նախագահ եւ ՀՀ ազգային հերոս Ալեք Մանուկեանի ու անոր տիկնոջ՝ Մարի Մանուկեանի շիրիմներուն առջեւ, անոնց եւ ՀԲԸՄ–ի երջանկայիշատակ երախտաւորներու հոգիներու հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար։
Այնուհետեւ, Վեհարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց հիւրերուն։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց․ «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան անունը եւ գործունէութիւնը իր սկզբնաւորման օրէն անքակտելիօրէն կապուած է մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան:
․․․Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը մշտապէս իր զօրակցութիւնը բերած է հայրենի անկախ պետականութեան վերակերտման՝ առաջին օրերէն գործուն մասնակցութիւն ունենալով պետականաշինութեան սրբազան առաքելութեան մէջ»:
Հայոց Հովուապետը հաստատեց, որ ՀԲԸՄ-ը այսօր ալ նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ ուժականութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, որուն առանցքին մէջ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումն է, ինքնութեան անաղարտ պահպանութիւնը, անոր հոգեւոր, բարոյական զօրացումը եւ համազգային միաբանութեան ամրապնդումը:
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը բերաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ անոր անդամակցող ազնիւ բարերարներուն, որոնց շնորհիւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի հովանիին ներքոյ վերակառուցուած բազմաթիւ վանքեր ու եկեղեցիներ, եկեղեցական կառոյցներ եւ շինութիւններ կենսունակ կը պահեն հայ ժողովուրդի հաւատքի ապրումն ու աստուածասէր ոգին, բազմաթիւ երեխաներ հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը ստանան Հայորդեաց տուներուն մէջ, կարիքաւոր բազմաթիւ հայորդիներ կը ստանան ընկերային օժանդակութիւն, իսկ բարեգործական ճաշարաններու մէջ՝ սնունդ։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմակայէ ծանրագոյն մարտահրաւէրներ, ՀԲԸՄ 92-րդ համագումարի կազմակերպումը մայր հայրենիքին մէջ՝ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին զօրակցութեան ու քաջալերանքի եւս մէկ կարեւոր ուղերձ է:
«Վստահաբար այս օրերու ձեր քննարկումներուն մէջ կարեւոր անդրադարձ պիտի կատարէք այնպիսի խնդիրներ, որոնք կ՝առնչուին մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն: Վստահ եմ նաեւ, որ իր կոչման հաւատարիմ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ անոր անդամները պիտի շարունակեն նոր յանձնառութեամբ լծուիլ հայրենաշէն ու ազգապահպան ծրագրերու իրականացման:
Մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ յառաջընթացի միակ ճանապարհը ազգային ու հոգեւոր առողջ ուժերու համախմբումն է պետականութիւնը պահպանելու եւ ամրացնելու գաղափարին շուրջ: Անկախ պետութիւնն է, որ կ՝երաշխաւորէ մեր ժողովուրդի բարեկեցութիւնը, ապագայատեսիլ ձգտումներու իրագործումը, յարատեւութիւնն ու մեր ազգային, հոգեւոր ինքնութեան անխաթար պահպանումը»,- ամփոփեց Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Հանդիպման ընթացքին Հայոց Հայրապետը ՀԲԸՄ անդամներուն ներկայացուց Մայր Աթոռի տարբեր կառոյցներու գործունէութիւնը, յատկապէս հովուական եւ հասարակական, քարոզչական եւ կրթադաստիարակչական ոլորտին մէջ իրականացուող աշխատանքները։
Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ՀԲԸՄ անդամներու հարցերուն, որոնք կ՝առնչուէին Մայր Աթոռի կողմէն նախաձեռնուած՝ զոհուած եւ անյայտ կորածներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորականներուն եւ տեղահանուածներու նիւթական ու հոգեխնամ աջակցութեան ուղղուած ծրագրերուն, Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն, ի նպաստ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման, առկայ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման միջեկեղեցական եւ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ գործադրուող ջանքերուն։
Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ ազգապահպան առաքելութեան, ազգի միասնականութեան ամրապնդման գործին մէջ անոր կարեւոր դերակատարութեան։ ՀԲԸՄ երիտասարդ անդամները նաեւ ստացան Հայոց Հայրապետի պատգամները սփիւռքի մէջ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ իրենց գործուն ներգրաւուածութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման, իրենց ներուժը ազգի եւ հայրենիքի կարիքներուն ծառայեցնելու առնչութեամբ։
Հանդիպումը փակուեցաւ Հայոց Հովուապետին «Պահպանիչ» աղօթքով։