Ազրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ոչ Մէկ Կապ Ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հետ․ Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ Խմբակցութիւններ

Աշխարհ, Հայաստան

Յայտարարութիւն

Նկատի ունենալով Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Դոնեցկի ժողովրդական Հանրապետութեան եւ Լուգանսկի Ժողովրդական Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը եւ անոր յաջորդած 2022 թ. Սեպտեմբեր 30-ին վերոյիշեալ երկրամասերու, Խերսոնի եւ Զապորոժէի մարզերու վերամիաւորումը ՌԴ-ին՝ ԱՀ ԱԺ խմբակցութիւնները կ՝արձանագրեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 1991թ. իրաւական առումով անթերի իրացուցած է ինքնորոշման իր իրաւունքը՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ այդ ժամանակ գործող ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան համապատասխան: Միջազգային հանրութիւնը Ազրպէյճանը ճանչցած էր իբրեւ անկախ պետութիւն ԽՍՀՄ ներքին օրէնսդրութեամբ որոշուած սահմաններուն մէջ: Ըստ այդ օրէնսդրութեան՝ Ազրպէյճանի անկախութեան ձեռք բերման ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղը տուեալ երկրի հետ որեւէ առնչութիւն չունէր, այլապէս ան չէր ընդգրկուի ՄԱԿ-ի կազմին մէջ, ուստի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ոչ մէկ կապ ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ:

Ընդունելով ՄԱԿ կանոնադրութեան առաջին յօդուածին մէջ ամրագրուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2010թ. Յուլիս 22-ի վճիռը, ըստ որուն միջազգային իրաւունքը չ՝արգիլեր այնպիսի անկախութեան հռչակումը, ինչպիսին Քոսովոյինն էր, ԱՀ ԱԺ խմբակցութիւնները կոչ կ՝ընեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային եւ ՄԱԿ անդամ միւս 190 պետութիւններուն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ատով իսկ ի չիք դարձնելով անոր բնակչութեան առջեւ ծառացած գոյաբանական լրջագոյն սպառնալիքները:

«Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ»

«Միասնական hայրենիք»

«Արդարութիւն»

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն»

«Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն»

ք․ Ստեփանակերտ

07․10․2022թ․