
Տարօն Մանուկեանն ու Գոռ Սարգսեանը Ազատ Պիտի Արձակուին. Պաշտպան
Շիրակի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին որոշումով՝ Տարօն Մանուկեանը եւ Գոռ Սարգսեանը ազատ պիտի արձակուին։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է անոնց պաշտպան Աբգար Պօղոսեանը։
Անոնք կալանաւորուած էին 2022 թուականի Մայիսին։
Յիշեցնենք, որ ըստ Քննչական կոմիտէի տարածած հաղորդագրութեան՝ քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներուն համաձայն՝ 2022 թ․ Մայիս 8-ին, ժամը 12:30-ի սահմաններուն, Գիւմրի քաղաքի Երեւանեան խճուղիին վրայ գտնուող հասարակական փոխադրամիջոցի կանգառ, ինքնաշարժերով երթի մասնակիցները նշուած կանգառին կանգնած՝ երթի ընթացքին հետեւող տարեց տղամարդոց կոչ ըրած են իրենց միանալու: Ստանալով բացասական պատասխան՝ երիտասարդները վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած են, այնուհետեւ իջնելով ինքնաշարժէն՝ մօտեցած են յիշեալ տարեց տղամարդոց, սկսած են վիճաբանիլ անոնց հետ, հայհոյանքներ հնչեցնել, ձեռքերով եւ ոտքերով հարուածներ հասցնել անոնց մարմնի տարբեր մասերուն:
Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներուն համակցութեամբ՝ 7 անձի՝ Գոռ Սարգսեանին, Արսէն Մարտիրոսեանին, Տարօն Մանուկեանին, Հոսիեկ Սարգիսեանին, Գոռ Մաթեւոսեանին, Գէորգ Մուրատեանին եւ Վելիխան Խլղաթեանին մեղադրանք յառաջադրուած՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով:
Այս գործով անցնող միւս հինգ դաշնակցական երիտասարդները ազատ արձակուած էին աւելի կանուխ։