
Կոչ՝ Հայաստանի Բարեկամ Երկիրներուն Անյապաղ Դատապարտելու Ազրպէյճանի Յարձակողականութիւնը եւ Անոր Կողմէ Գործուած Ոճիրները․ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակած է յունարէն լեզուով յայտարարութիւն մը , որուն մէջ կը դատապարտուի Էրտողան-Ալիեւ զինակցութիւնը եւ ազրպէյճանական յարձակողականութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ։
Յանձնախումբը կը յայտնէ, թէ մարդկութիւնը անտարբեր կանգնած է, միայն ընտրովի զգայնութիւններ ցուցաբերելով, երբ Ազրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ չի տարբերիր Ռուսիոյ յարձակումէն Ուքրանիոյ վրայ։
Կոչ կ՚ուղղուի Հայաստանի բարեկամ երկիրներուն, որոնց կարգին Յունաստանին եւս, անյապաղ դատապարտել Ազրպէյճանի յարձակողականութիւնը եւ անոր կողմէ գործուած ոճիրները։
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարարութիւնը։
Մինչ Կիպրոսի Ա.Գ.Ն.-ը խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի յարձակումները, Յունաստանի նախարարութիւնը երկու կողմերուն ալ հրադադարի կոչ կ՚ընէ․
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կտրուկ սրացման համար՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ 13 Սեպտեմբերի առաջին ժամերուն սանձազերծուած յարձակումը:
«Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կտրուկ սրացման կապակցութեամբ, որ Հայաստանի տարածքին գտնուող դիրքերուն վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակման հետեւանքն է: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ յարձակումը եւ կոչ կ՚ընէ յարգել 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրը՝ լարուածութիւնը արագօրէն թուլացնելու համար: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կ՚աջակցի վէճերու խաղաղ կարգաւորման՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ»,- նշուած է Կիպրոսի Ա.Գ.Ն.-ի յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէն, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Խորապէս մտահոգուած ենք ռազմական վերջին գործողութիւններուն կապակցութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն վրայ, որոնք պատճառ դարձան մեծ թիւով մահերու։ Կոչ կ՚ուղղենք անմիջական ապասրացման համար եւ կը շեշտենք յունական կեցուածքը, թէ պէտք է յարգուի հողային ամբողջականութիւնը եւ երկիրներու ինքնիշխանութիւնը։
Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը իր Դիմատետրի էջին վրայ ափսոսանք կը յայտնէ Յունաստանի յայտարարութեան համար, բաղդատելով զայն կիպրական կողմի պաշտօնական խօսքով։ Հայ Դատի յանձնախումբը կ՚ընդգծէ, թէ տարբեր բան կը սպասուէր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։