Բացասական Զգացողութիւններու Գրգռուածութեան Օճախը Ուղեղին Մէջ Դրականի Վերածել․ Ինքնատիրապետման Կանոնները

Այլեւայլ

Ճնշուածութիւնը միայն ջղային լարուածութիւն չէ, այլեւ արձագանգ մարմնի համար ոչ սովորական վիճակի դէմ: Զայրոյթը, վախը, սուտը, ուրախութիւնը, սէրը, մեծ վախը՝ տաքութեան կամ ցուրտի, վարակներու կամ դեղերու ընդունման հանդէպ, կը յանգեցնեն ճնշուածութեան, որուն մեր մարմինը պէտք է յարմարի:  

Մեր առաջին արձագանգը անհանգստութիւնն է: Եթէ վտանգը չանհետանայ, կը յաջորդէ հակադրուիլը, դիմադրելը. մարմինը ամբողջ ուժերը կը տրամադրէ պայքարելու ազդակներուն դէմ, որոնք յառաջացած են ճնշուածութենէն: Երրորդ շրջանը քայքայման շրջանն է, երբ պահպանուած ուժերը կը վերջանան, եւ
մարմինը կը հիւանդանայ: Այդպիսի դրութեան մէջ չյայտնուելու համար շատ կարեւոր է կարենալ տիրապետել յոյզերուն:

Պատահական չէ, որ շատ յաճախ կաթուածի զոհ կը դառնան հանգիստ թուացող մարդիկ: Արտաքնապէս զգացողութիւններուն տիրապետել կարենալը չի բացառեր մարմնի վրայ անոնց բացասական ազդեցութիւնը:

Մեզմէ կը պահանջուի ուրիշ բան՝ բացասական զգացողութիւններու գրգռուածութեան օճախը ուղեղին մէջ վերածել դրականի:

Հանգստացնող դեղամիջոցները կարելի են միայն ծայրայեղ պարագաներու եւ բժիշկի հսկողութեամբ: Ուրիշ բան է երաժշտութիւնը, բնութեան հետ շփումը, ֆիզիքական աշխատանքը եւ այլն: Լաւ է, եթէ հերթականութեամբ կրնանք միացնել արտաքին դրական զգացողութիւնները (օրինակ՝ յաջորդաբար հանգստացնել մկանները կամ հաշուել սրտի բաբախումները):

Փորձենք նաեւ համոզուիլ, որ ճնշուածութեան իրավիճակի պատճառը թաքնուած է մեր մէջ, կեանքի հանդէպ մեր մտքերու եւ հայեացքներու մէջ:

Այդ տանջալի իրավիճակէն կարելի է ազատիլ, օրինակ, աստիճաններով արագ բարձրանալ-իջնելով, բարձր ձայնով պոռալով մեր մտածածի մասին, մեզի նեղացնողին բոլոր գոյներով նամակ գրելով, իսկ յետոյ պատռելով: Կարեւոր է չծուլանալ ու չամչնալը, քանի որ այդ բոլորը շատ կարեւոր են մեր առողջութեան
ու ներուժի բարձրացման համար: Եւ, այդուհանդերձ, ատիկա մարդը կը դարձնէ իր վարուեցողութեան մէջ աւելի բնական ու անբռնազբօս: