Նիկոլ Փաշինեան Պիտի Այցելէ «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» Բարեգործական Ցուցահանդէս-տօնավաճառ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 16-ին` ժամը 18:30-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ներկայ պիտի գտնուին Հիւսիսային պողոտայի վրայ Սփիւռքի նախարարութեան, «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան, ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ կազմակերպուող «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի Մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառին:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառ այս անգամ նուիրուած է Երեւանի 2800-ամեակին: