Թիֆլիսի Մէջ Օծուեցաւ Խաղաղարարներուն Նուիրուած Խաչքարը

Սփիւռք

Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է խաղաղարարներուն նուիրուած խաչքարի օծում։ Խաչքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուած է Յուլիս 24-ին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Aliq.ge-էն:

Վիրահայոց թեմի փոխանցմամբ՝ խաչքարը նուիրատւութիւն է Վրաստանի մայրաքաղաքի հինաւուրց եկեղեցիին, որուն պատերը կը զարդարեն անկրկնելի որմնանկարները, իսկ բակին մէջ արժանաւոր հայորդիներու տապանաքարերն են:

Կը նշուի, որ խաչքարը կը ներառէ հնագոյն քաղաքակրթութիւններ կրող երկիրներու ժողովուրդներու հաւատքին նուիրուածութիւն, հայրենասիրութիւն, բարեկամութիւն խորհրդանշող խորհուրդներ եւ անիկա անոնց յարատեւութեան լուռ վկայութիւնն է: