Արցախցի Հայկ Աւանէսեան Իրականացուցած է Իր Մեծ Երազանքին Մէկ Մասնիկը՝ Դառնալով Եւրոպայի Արծաթէ Մետալակիր. (լուսանկարներ)

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Այսօր, Յուլիս 21-ին, Ստեփանակերտի «Մե՛նք ենք մեր սարերը» յուշարձանին մօտ մեծ շուքով դիմաւորած են ըմբշամարտի մինչեւ 15 տարեկաններու Եւրոպայի արծաթէ մետալակիր Հայկ Աւանէսեանն ու մարզիչ Արմէն Մուրատեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարարութենէն։

Յուլիս 16-19 Խորուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրեպի մէջ իրականացուած Եւրոպայի առաջնութեան՝ 57 քկ քաշային կարգի մէջ՝ արցախցի ըմբիշ Հայկ Աւանէսեանը, չորս գօտեմարտերուն արժանի պայքար ցուցաբերելով, արժանացած է ըմբշամարտի Մ15  եւրոպայի արծաթէ մետալին:

Ազատ ոճի ըմբշամարտով Հայկը կը զբաղի արդէն 9 տարիէ ի վեր: Կը խոստովանի, որ միշտ երազած է Եւրոպայի, աշխարհի առաջնութիւններու մասնակցիլ, իսկ ասիկա մեծ երազանքին մէկ մասնիկն է: Հայկը ունի ողիմպիական խաղերու ախոյեան դառնալու երազանք, որուն հասնելու համար ջանք ու եռանդ չի խնայեր:

Հայկ Աւանէսեանը կը պատրաստուի մարզական հաւաքներու՝ յաջորդ տարուան Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան աւելի լաւ արդիւնքներով մասնակցելու համար: