ՀՀ ՊՆ Ռազմական Ոստիկանութեան Մօտ Սուրբ Պատարագ Մատուցուած է
ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան մօտ, Հոկտեմբեր 13-ին, Սուրբ Թարգմանչաց տօնին առիթով, մատուցուած է Սուրբ Պատարագ ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ պատարագի արարողութեան մասնակցած են ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան պետ, գնդապետ Արթուր Պաղտասարեանը, ՀՀ ԶՈւ ռազմաբժշկական վարչութեան պետ, փոխգնդապետ Գայիանէ Յովհաննիսեանը, ռազմական ոստիկանութեան անձնակազմը եւ ժամկէտային զինծառայողները: Արարողակարգին ընթացքին հնչած են մաղթանքի խօսքեր Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան եւ Հայոց բանակի առաւել զօրացման համար:
Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ ռազմական ոստիկանութեան շարք մը զինծառայողներ նուիրեալ ծառայութեան եւ քրիստոնէական վարք ու բարքի համար ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդին կողմէ արժանացած են օրհնութեան գիրերու:
