Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայացուեցաւ «Ծապան» Թատերախաղը

Այլեւայլ, Հայաստան

Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Ալաւերտիի քաղաքային թատրոնի «Ծապան» ներկայացումը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Բեմադրութեան, նկարչական եւ երաժշտական ձեւաւորումներու հեղինակը Հրաչեայ Պապինեանն է, իսկ ներկայացումը հիմնուած է Փաթրիք Արտեմիի համանուն ստեղծագործութեան վրայ:

Ներկայացումը 2-րդ աշխարհամարտի եւ անոր յաջորդած գաղթի մասին է, որ իր հետեւանքները ձգած է 44-օրեայ պատերազմի ելքին վրայ։

Ներկայացման գլխաւոր հերոսը՝ Արամը, որ 2-րդ աշխարհամարտի ընթացքին յաղթանակով կը հասնի Պեռլին եւ կը վերադառնայ տուն, որոշ ժամանակ անց իր հրամանատարի դաւադիր սպանութեան կասկածանքի պատրուակով կ՝աքսորուի Սիպիր:

Մինչ այդ, անոր կինը միայնակ կը մեծցնէ զաւակները, իսկ աքսորէն ամուսինի վերադարձէն ետք՝ Լոռիի քարքարոտ ձորերուն մէջ երկուքը միասին, մեծ դժուարութեամբ կը կառուցեն ծապան, որ բարձունքի լանջերուն բնական կամ արհեստական աստիճանաձեւ բարձրացող հարթութիւն է, որուն վրայ ծառեր կը տնկեն, այգի կը պատրաստեն կամ բանջարեղէն կ՝աճեցնեն:

Սակայն, անոնց 4 զաւակները մեծնալով կը լքեն հայրենիքը եւ կը հաստատուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Կնոջ մահէն ետք՝ փոքր զաւակը կը փորձէ հայրը տեղափոխել Աւստրալիա՝ իրենց հետ ապրելու, սակայն այնտեղ երկար չդիմանալով՝ գլխաւոր հերոսը կը վերադառնայ հայրենի Լոռիի ձորեր, ուր միայնակ ձգած էր կնոջ գերեզմանը, իր ձեռքերով կառուցած ծապանը:

Այցելելով կնոջ գերեզմանը՝ սրտի մեծ ցաւով կը պատմէ, որ իրենց թոռները հայերէն չեն գիտեր, հայրենիքի տեղը չեն գիտեր, իսկ ծոռները արդէն ընդհանրապէս պիտի չի ճանչնան ո՛չ տատիկ – պապիկը, ո՛չ ալ իրենց արմատները:

Թէեւ Արամի զրուցակիցը համոզուած է, որ զաւակները անպայման օր մը տուն պիտի դառնան, սակայն գլխաւոր հերոսը զայրանալով կ՝ըսէ, որ իր 14 ժառանգներէն եւ ոչ մէկը 44-օրեայ պատերազմին չեկաւ իրենց հողը պաշտպանելու, իրենց հայրենիքը՝ Արցախը, Լոռիի ձորերը պաշտպանելու:

Ներկայացումը կ՝աւարտի յուսադրող վերջաբանով, ուր Արամի հարեւանի երեխաները, որ մնացած են հայրենի ձորերուն մէջ, կը շարունակեն Արամի գործը: Անոնք պիտի ըլլան հայրենիքը շենացնողն ու պաշտպանողը, անոնցմով հայրենիքը կանգուն պիտի մնայ։