Կը Վերաբացուի Յորդանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Ժապեր-Նասիպ Սահմանային Անցքը

Աշխարհ

Այսօր կը վերաբացուի Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքը: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, յայտարարած է Յորդանանի տեղեկատւութեան նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Ժումանա Ղունէյմաթ։

Ղունէյմաթ նշած է, որ յորդանանեան-սուրիական թեքնիք յանձնախումբը երէկ Ժապեր սահմանային կեդրոնին մէջ իր գումարած ժողովին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցքը բանալու համար անհրաժեշտ նկատուող վերջին քայլերուն շուրջ:

Ըստ համաձայնութեան, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցքը պիտի վերաբացուի այսօր:

Ղունէյմաթ նշած է, որ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքը Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան շատ կարեւոր ուղի մըն է:

Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաար հասատատած է, որ Յորդանանի հետ համաձայնութիւն գոյացած է Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքը այսօրուընէ սկսեալ բանալու շուրջ: