Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերզպուրկի Մէջ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին կը Մասնակցի
Ս. Փեթերզպուրկի մէջ մեկնարկած է Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ արդէն իսկ մեկնարկած է ԵԱՏՄ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով նիստը՝ ընդունող կողմին՝ ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի նախագահութեամբ:
Նեղ կազմով նիստին պիտի յաջորդէ ընդլայնուած կազմով նիստը: Կ՝ակնկալուի, որ քննարկուին Եւրասիական տարածաշրջանի ընդելուզման գործընթացներու զարգացման ու խորացման ուղղուած հարցեր:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստէն ետք պիտի այցելէ Գամսգի պուրակ, ուր ծաղիկներ պիտի դնէ Կոմիտասի յուշարձանին, այնուհետեւ պիտի այցելէ նաեւ Էրմիթաժ:
