Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Պարած են Հայկական Երաժշտութեան Տակ. Տեսանիւթ
Համացանցի մէջ լայն տարածում կը ստանայ այն տեսանիւթերը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, անոր կինը, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը ու անոր ամուսինը, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն եւ միւս երկիրներու ներկայացուցիչները կը պարեն հայկական երաժշտութեան տակ` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անունէն տրուած պետական ընթրիքի ընթացքին:
Լայն տարածում ստացող տեսանիւթը Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ հրապարակած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: Նմանատիպ տեսանիւթ հրապարակած է նաեւ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մանէ Ադամեան:
