ԵԱՀԿ-ի Նախագահութիւնը Մեկնաբանած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Պատմամշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Լուրերը

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) մշտապէս մեծ կարեւորութիւն տուած է մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու պաշտպանութեան ու պահպանման: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են ԵԱՀԿ-ի լեհաստանեան նախագահութենէն` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին տեղական եւ միջազգային զեկուցումներուն ու ահազանգներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներու այդ խնդիրին առնչութեամբ հաւանական ընելիքներուն:

«ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը կը նկատէ մեր միացեալ պարտաւորութիւնը», հաղորդած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակէն` յիշեցնելով, որ տակաւին Յունիս 1991-ին` մշակութային ժառանգութեան նուիրուած Քրաքովի միջազգային գիտաժողովին, այն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւնները խոստացած էին «համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներուն համահունչ ջանքեր գործադրել մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու համար», ինչպէս նաեւ պարտաւորուած էին սերտօրէն համագործակցիլ կրօնական դաւանանքներու, հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ` «մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչութեամբ եւ պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել կրօնական ծագում ունեցող յուշարձաններուն ու կառոյցներուն»:

Այս ծիրէն ներս՝ ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը լիովին կ՛աջակցի կազմակերպութեան համապատասխան բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ Մինսքի խումբի համանախագահները` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան միտուած իրենց ջանքերուն մէջ:

«Հայկական պատմամշակութային կոթողներու պահպանութիւնը ընդգրկուած եղած է (ԵԱՀԿ-ի) Մշտական խորհուրդի օրակարգին վրայ: Այս լոյսին տակ ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութիւնը լիովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի բոլոր համապատասխան կառոյցներուն, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը եւ իր համանախագահները, համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան միտուած իրենց ջանքերուն մէջ: Ատիկա էապէս պիտի բարելաւէ ամբողջ շրջանի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ բարեկեցութիւնը, եւ պիտի ապահովէ պատմական եւ մշակութային բոլոր յուշարձաններու պաշտպանութիւնը»,- նշուած է ԵԱՀԿ-ի Լեհաստանի նախագահութեան պատասխան նամակին մէջ:

Լեհական նախագահութենէն զերծ մնացած են Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ Լա Հէյի միջազգային դատարանի դեկտեմբեր 2021-ի որոշումը մեկնաբանելէ: