«YouTube»-ը Արգելափակած է Թուրք Դեսպանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Տեսանիւթը
«YouTube»-ը արգելափակած է այն տեսանիւթը, որուն մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր ու նախկին նախարար, իսկ այժմ Չեխիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էկեմեն Պաղըշը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով tum-haberler.com-ը։
Կը հաղորդուի, որ դեռ 2020 Ապրիլին նկարահանուած տեսանիւթը նախ հեռացուած է թրքական կայքի YouTube ալիքէն:
Աւելի ուշ, նոյն տեսանիւթը իր անձնական YouTube ալիքով տեղադրած է նաեւ Պաղըշը: Համաշխարհային վիտէոհարթակը այս անգամ եւս արգելափակած է նշեալ տեսանիւթը: Իբրեւ արգելափակման հիմնաւորում՝ նշուած է այնտեղ առկայ ատելութեան խօսքը:
