Միլանի մէջ Ներկայացուեցան Տաղանդաւոր Երիտասարդ Հայերու Արտադրութիւնները
HAY-HAY Armenian Concept Store-ը՝ Փետրուար 25-ին եւ 26-ին, Միլանի Palazzo Visconti-ի մէջ, ներկայացուց տաղանդաւոր երիտասարդ հայ ձեւաւորողներու աշխատանքները` Emerging Talents-ի կողմէ կազմակերպուած 2022-23 Աշուն-Ձմեռ ցուցադրութեան ծիրէն ներս:
HAY-HAY Concept-ի ցուցադրութիւնը կը ներառէր հագուստի հաւաքածուներ, ինչպէս նաեւ այլազան զարդեր: HAY-HAY-ը ներկայացուց հայ ձեւաւորողներու հետեւեալ ապրանքանիշերը` Armine Ohanyan Paris, Inga Kazumyan, Z.G.Est, Loom Weaving, IAMC Designs:
HAY-HAY-ը եզակի հարթակ է, որ կը ներկայացնէ հայ ձեւաւորողները ամբողջ աշխարհէն: Իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն՝ HAY-HAY-ը կ՝աջակցի զարգացող եւ խոստմնալից հայկական ապրանքանիշերուն: Առցանց խանութը կ՝առաջարկէ ապրանքներու լայն տեսականի՝ հագուստի հաւաքածուներէն եւ զարդերէն մինչեւ պայուսակներ։

