Լիբանանի Մէջ Հայ Արուեստագէտներ Կը Մասնակցին 308 Մասնագէտներու Եւ Սկսնակներու Հաւաքական Ցուցահանդէսին

Աշխարհ, Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքային եւ Լիբանանի արուեստագէտներու միութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի երաժշտագէտներու սենտիքային, Լիբանանի արուեստի տօնին առիթով 25 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարներու եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացում` մասնակցութեամբ 308 մասնագէտ եւ սկսնակ արուեստագէտներու, որոնց շարքին` Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի անդամներ Մարալ Մանիս եւ Նորայր Պուտաքեան, նաեւ արուեստագէտներ Միրէյ Կոկիկեան, Կիւլէն Տէր Պօղոսեան, Շահէ Տէր Պօղոսեան, Նիկոլ Պուլտուքեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Լենա Այտընեան, Վերոնիք Այվազեան-Քոպթի, Ժագլին Օհանեան, Լիտիա Շարլաճեան, Տորին Խանամիրեան: Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր մասնակցութիւնը բերած էր մէկ արուեստի գործով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազդակ»-էն։

1997-ին Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ 25 Փետրուարը հռչակուեցաւ Լիբանանի արուեստի տօն, որ տարիներ շարունակ կը նշուէր դասախօսութիւններ կազմակերպելով: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով նախաձեռնուած է նման հաւաքական ցուցահանդէսի մը:

Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի ատենապետ տոքթ. Նիզար Տահեր, որմէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի արուեստագէտներու միութեան ատենապետ Միշէլ Ռուհանա:

Ցուցահանդէսին ընթացքին մշակոյթի նախարարութիւնը յետ մահու պատուեց հետեւեալ ութ արուեստագէտները` Յարութիւն Թորոսեան, Սամիր Ապի Ռաշէտ,  Ուաժիհ Նահլէ, Ապտըլ Համիտ Պաալպաքի, Մոհամետ Ղալէպ, Իմատ Ապու Աժրամ, Մոհամետ Քատուրա եւ Իլիաս Տիպ: Յուշանուէրներ յանձնուեցան անոնց ընտանիքի անդամներուն, ներկայացուեցան անոնց արուեստի գործերը: Յայտնենք, որ պարգեւատրեալ իւրաքանչիւր արուեստագէտէ հինգ գործեր ցուցադրուած էին սրահին մէջ:

Նախքան ցուցահանդէսը, Լիբանանի Ազգային թանգարանի կից տեղի ունեցաւ Լիբանանի առաջին պետական արուեստի թանգարանի հիմնարկէքը` մասնակցութեամբ Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի եւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ընթացքին Լիբանանի երաժշտագէտներու սենտիքան երաժշտական գործերով ճոխացուց մթնոլորտը:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Հինգշաբթի, 3 Մարտ` կէսօրուան ժամը 12:00-3:00: