Աթէնքի Շրջակայքի Հրդեհին Պատճառած Աղէտին Առեթով ՀՀԿԽ-ի Յայտարարութիւնը
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ ԵՐԿԱՐԵՆՔ
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնս խոր կսկիծով կը հետեւի Աթէնքի շրջակայքը տարածուած ահարկու հրդեհին պատճառած կացութեան, որ սփռեց մահ ու դարձաւ աղէտ:
Վարչութիւնս անմիջապէս որոշեց մասնակցիլ հրդեհէն տուժած քաղաքացիներուն օգնութեան հասնելու նախաձեռնութիւններուն՝ անհրաժեշտ իրեր եւ ուտեստեղէն նուիրելով այս նպատակին: Առ այս, վարչութիւնս կապի մէջ մտած է Մարաթոնայի փոխքաղաքապետին եւ պատկան մարմինին հետ, որպէսզի առաւել արդիւնաբեր ձեւով օգնութեան իր բաժինը կատարէ:
Այսպիսի ցաւալի պահերուն, տառապողներուն օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութեամբ միայն եւ բոլորին միասնական ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ յոյս ներշնչել յուսալքուածին եւ դիմագրաւել ցաւն ու աւերը:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Աթէնք, 25 Յուլիս 2018
