Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը Գիրքեր Նուիրած է ԱրՊՀ Գրադարանին

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Պետական Համալսարանի եւ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ, այսօր, գիրքերու խմբաքանակ մը նուիրաբերուած է Արցախի պետական համալսարանի գիտական գրադարանին։ Այս մասին կը փոխանցէ Արցախի պետական համալսարանի պաշտօնական էջը։

Համազգայինի կողմէ հրատարակուած գիրքերը, որոնք մեծ մասամբ հայագիտական, գեղարուեստական, գրականագիտական, դասական եւ ժամանակակից գրականութիւն են, գրադարանին յանձնած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան։ Անոր խօսքով՝ ԱրՊՀ-ի հետ համագործակցութիւնը կրթամշակութային տարբեր ծրագրերու ծիրէն ներս շարունակական պիտի ըլլայ։

ԱրՊՀ գիտական գրադարանի վարիչ Յասմիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հերմինէ Աւագեանին՝ նուիրատւութեան եւ համագործակցութեան համար։