
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքն Ու Ֆրանչիսքոս Պապը Միասնաբար Պատարագեցին
Տեառնընդառաջի տօնին առիթով՝ Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսքոս պապը եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքը` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ, հաստատեցին եկեղեցական ամբողջական հաղորդութիւնը:
Հռոմի քահանայապետը 23 Սեպտեմբեր 2021 թուակիր կոնդակով հաստատած էր Հռոմի եկեղեցւոյ եւ հայ կաթողիկէ նորընտրեալ պատրիարքին ու անոր նուիրապետութեան եւ ժողովուրդի միջեւ Ս. հաղորդութիւնը:
Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, նորընտիր պատրիարքը իր ընտրութեան օրը քահանայապետին ներկայացուցած է հաւատացեալներուն հաղորդութիւն շնորհելու խնդրանք: