Համազգայինի Թատերախումբը Մասնակցեցաւ Թեհրանի Միջազգային Թատերական Փառատօնին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Համազգայինի թատերախումբը վերջերս Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնին։ Ներկայացումները տեղի ունեցան Փետրուար 6-11։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Հայաստան-Իրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսնամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս եւս տեղի ունեցան ձեռնարկներ եւ թատերախումբը բեմադրեց Յովհաննէս Թումանեանի «Լոռեցի Սագոն» գործը։

«Նազերզատէ» սրահին առընթեր, ներկայացումները կրկնուեցան Թեհրանի եւ Սպահանի՝ հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան սրահներէն ներս՝ հետաքրքրութեան առարկայ դառնալով թէ՛ տեղացի եւ թէ իրանահայ հանդիսատեսներուն։

Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը եւս հետեւեցան ներկայացումներուն։