Հայոց Ցեղասպանութեան Մանկավարժութիւնը. «Առաւօտ»

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

2021 թուականի տարեւվերջին Տէնի Տօնիկեանը մատուցեց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարիներ տեւած աշխատանքին պտուղը։ Խօսքը գիրք – իրադարձութեան մասին է՝ խմբաւորուած փաստերուն, մարդոց, դերակատարներուն նուիրուած բազմաթիւ թերթիկներու շուրջ։ Անոնց հասանելի ընթերցումը կը ներկայացնէ այն ամէնը, որ տեղի ունեցած է առաւել լաւ լսելու անասելին։

Հայոց Ցեղասպանութեան Փոքր Հանրագիտարանը՝ մօտ 700 էջէ բաղկացած գործ, որ կը ներկայացնէ վիպասան, բանաստեղծ եւ էսսէյիստ Տէնի Տօնիկեանը, պայքարի գիրք է՝ սկսեալ իր նախաբանէն, որ գրուած է թուրք հրատարակիչ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռաճիպ Զարաքոլուի կողմէ, որ պարբերաբար բանտարկուած է (ինչպէս իր կին Այշէ Նուռը) Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ լաւ վերաբերմունքին եւ հայերու ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշակի գործեր հրատարակելուն համար։ Պատմութեան առումով կատարելապէս փաստագրուած վերջերս եղած ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ, բայց բարձրութիւն վերցնելով փաստերու յետագայ զարգացման համեմատութեամբ` հեղինակը, սակայն, մանրակրկիտ կը ներկայացնէ համիտեան, երիտթուրքերու, «քեմալական» դարաշրջաններն ու կ՝աւարտէ գիրքը ներկայ դարաշրջանով։

Վատագոյն տանջանքները Տէնի Տօնիկեանը կենդանի կը դարձնէ հայկական դրաման՝ իր ստեղծագործութեան ընթերցումը դարձնելով ցաւօտ, յաճախ ազդեցիկ, երբեմն ալ անտանելի։ Օրինակ՝ ան կը ներկայացնէ դէպքը մարտինեցի գեղեցիկ երիտասարդ հայուհիի մը, որ, մերկացուցած, գիրկը քնացած երեխայ, պառկեցուցած են կոճղի վրայ, որպէսզի գլխատեն։ Երբ երեխան կ՝արթննայ, տանջողները կ՝առաջարկեն կնոջ՝ խնայել երեխան, եթէ ան ընդունի մահմետականութիւնը։ Ստանալով վերջինիս մերժումը՝ կը խլեն անոր երեխան, իսկ այդ ընթացքին կինը, պատուազուրկ չըլլալու համար, կը նետուի մօտակայ ջրամբարը։ Մարտինի կաթոլիկ արքեպիսկոպոս Իկնաս Մալոյեանը՝ մերժելով կրօնափոխ ըլլալու պահանջը, կ՝ենթարկուի վատագոյն տանջանքներու, այնուհետեւ իր քահանաներուն հետ կը վտարուի՝ հարկադրուած քայլելու ոտնամատներու եղունգները պոկելէ ետք։ Ի վերջոյ ան կը մահանայ ծոծրակի կրակոցով՝ բազմիցս հաւաստելով իր անձնուիրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ու առաջին հերթին իր հաւատարմութիւնը քրիստոնէութեան։

Սեռական բռնութիւններ

Հետեւելով Հենրի Պարպիին՝ ցեղասպանութեան ժամանակակիցին (Սարսափի երկրին մէջ, Նահատակուած Հաայստանը)՝ հեղինակը կը յիշատակէ երեխաներուն ճակատագիրը, որոնք կամ խեղդուած են Եփրատի ջուրերուն մէջ, ուր յուսահատութենէ նետուած են իրենց մայրերը, կամ սպաննուած են խոշտանգողներու ծունկերուն վրայ, կամ ալ վերջիններուս կողմէ անդամահատուած են կենդանի վիճակով։ Կանայք պարբերաբար կ՝ենթարկուէին սեռական բռնութեան, մայրերը իրենց դուստրերուն դէմքը մուրով կը պատէին՝ զանոնք դարձնելով պակաս ցանկալի։ Մեզրէի ճամբարին մօտ, որ հայ կանանց դասակարգման կեդրոն էր, ստեղծուած էր ստրուկներու շուկայ, ուր կու գար Տրապիզոնի ոստիկանապետը՝ ընտրելու երիտասարդ աղջիկներ, իբրեւ նուէր Միութիւն եւ Յառաջընթաց խմբակցութեան անդամներուն։

Դաշնագրերու պատմութիւնը

Ինչեւէ, Տէնի Տօնիկեանը կը փորձէ այլ կողմէ մօտենալ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ ներկայացնելով, օրինակ, հայկական ջոկատի ստեղծումը ֆրանսական բանակին մէջ, որ մասնաւորապէս բաղկացած էր Մուսա Լերան պայքարէն փրկուածներէ, եւ յիշատակելով յատկապէս Հայրենական պատերազմի վերջը ստորագրուած բազմաթիւ դաշնագրերը՝ Սեւրի խոստմնալից պայմանագիրը (1920թ․), Անգորայի աղիտալի պայմանագիրը (1921թ․)։ Զարմանալի չէ, որ հեղինակը յօժարութեամբ կը ներկայացնէ ցեղասպանութենէն ծնած գրաւոր վկայութիւններ կամ գրական գործեր։ Առաջիններէն են ճամբորդական պատմուածքները՝ Վիկտոր Լանգլուան իր յայտնի «Ճամբորդութիւն Կիլիկիոյ մէջ» (1861թ․), կոտորածի մասին պատմուածքներ՝ Հայր Ժաք Ռետորէէն «Քրիստոնեաները՝ որպէս անասուն», ուր մասնաւորապէս շեշտադրուած է ասորի-քաղդէացիներու ցեղասպանութիւնը, հայ վտարանդիներու բազմաթիւ վկայութիւններ՝ Գրիգոր Բալաքեանի «Հայ Գողգոթան»։ Երկրորդներէն են Աւստրիոյ հրէայ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը (1933թ․), որ Շոայի (հրեաներու ցեղասպանութեան) ժամանակ գետտոներու դիմադրութեան շարժման մասնակիցները իրար կը փոխանցէին, ժամանակակից ռումանացի հեղինակ եւ քաղաքական գործիչ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու գիրքը»։ Անջնջելի հետք Գիրքին մէջ կը շօշափեն այլ հարցեր նոյնպէս, որոնցմէ են ԱՍԱԼԱ-ի շարժումը, մերժողականութիւնը, ճարտարապետական հարստութեան աւերումը, ծագումով քիւրտ (Ֆուատ Դունդար) եւ թուրք (Թաներ Աքջամ) պատմաբանները աշխատութեան մէջ ներգրաւելը, XX դարու ցեղասպանութիւնները, մասնաւորապէս Շոան, Բեթ եւ Սերժ Կլարսֆելտներու «Յուշեր»-ը։ Հարկ կը համարենք ընդգծել, որ հրատարակիչ Միրա Պղենսը՝ յայտնի իրաւաբանի եւ փաստաբանի դուստրը («Վարպետ Մուսսա Պղենս՝ ցեղասպանութեան ճանաչման նախակարապետ»), իր խմբակիցներուն հետ միասին իր ողջ հանճարը գործի դրած է «Հայոց Ցեղասպանութեան Փոքր Հանրագիտարան»-ի նիւթական ներկայացման մէջ․ բազմատեսակ տպագրութիւնը նաեւ գունաւոր ծրագրով հնարաւորութիւն կու տայ անմիջապէս ընկալելու Տէնի Տօնիկեանի՝ շատ մանկավարժօրէն շարադրուած միտքը։ Գիրքը ունի հարուստ նկարազարդում՝ ժամանակի սեւ-սպիտակ կամ գունաւոր նկարներ, Վեհափառ Մալոյեանի, թուրք ընկերաբան Պինար Սելեկի (այժմ Ֆրանսայի քաղաքացի, որուն բազմիցս ձերբակալած են ահաբեկչութեան պատճառաբանութեամբ) յուզիչ նկարներ, խմբային լուսանկարներ, ուր կ՝երեւին Զօրավար Անդրանիկն ու իր զինակից ընկերները, Երուսաղեմի մէջ հաւաքուած որբեր, ծաղրանկարներ՝ Էնվեր Փաշան՝ ցեղասպանութեան եռապետութեան անդամներէն մէկը, կամ ալ գերմանացի զօրավար Կոլմար վոն դեր Գոլցը՝ Սուլթանի խորհրդականը, ցեղասպանութեան յանցակիցը։

Իբրեւ եզրափակում կրնանք ըսել, որ պահպանուած ժամանակագրութեան խոշոր փուլերուն մէջէն ընթերցողը յաճախ կը հանդիպի ցնցող հատուածներու, որոնք, կանխելով շարադրանքի միօրինակութեան վտանգը, ընթերցողի յիշողութեան մէջ կը ձգեն անջնջելի հետք, ինչպէս նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան» եւ անոր հետեւանքներուն ամբողջութեան պատկերացում։

Aravot.am

Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper